Կիրակի երեկոյեան «Հոլիվուտ պոլ» ամփիթատրոնին մէջ տեղի ունեցած համերգը կարելի է ըսել եզակի էր իր տարողութեամբ, յատկապէս ներկաներու հսկայ թիւը աչքի առջեւ ունենալով: Մօտաւորապէս 14,000 հոգի, կարեւոր տոկոսով օտարներ, հայերէն ու հայկական երգ-երաժշտութիւն ունկնդրեցին ու պարեր դիտեցին:
Երաժշտական ու բեմական արուեստի քննադատին գործն է անշուշտ երեկոյի գեղարուեստական քննարկումը կատարելը:
Մեր ուշադրութիւնը սակայն սեւեռեցինք այլ երեւոյթներու վրայ: Անոնցմէ էր, օրինակի համար այն, որ բազմահազար օտարներ, ամբողջ երեք ժամ վայելեցին հայկական երգն ու պարը: Ներկաներու մէկ կարեւոր տոկոսին համար յայտնութիւն էին իւրայատուկ կերպով հայկական գործիքները՝ դուդուկն ու դհոլը: Ուրիշներու համար՝ պարերը:
Սակայն աւելի քան երկու տասնեակ հայ արուեստագէտներու ներկայութիւնը, կատարողական զանազան մակարդակներով (համաշխարհայինէն մինչեւ զուտ տեղական), մեզի կը յուշէ, թէ հարաւային Քալիֆորնիոյ հայկական գաղութին մէջ հայկական բեմական արուեստի ինչքան մեծ ներուժ գոյութիւն ունի:
Չենք քններ ճաշակի հարցերը, թէ ունկնդիրներու ո՞ր տոկոսը ինչքանով կը համակրի (կամ չի համակրիր) այս կամ այն արուեստագէտին: Այդ չէ էականը: Այլ այն, որ մեր երաժշտական մշակոյթի բազմաշերտ ու բազմաճիւղ բնոյթը ներկայացնող ու հրամցնող արուեստագէտներու ամբողջ բանակ մը ունինք հոս: Եւ եթէ աւելցնենք, որ բազմաթիւ արուեստագէտներ եւս յաճախ կը տեսնենք մեր բեմերուն վրայ, որոնք Կիրակի երեկոյ «Հոլիվուտ պոլ»ի յայտագրին մէջ չէին, պատկերը կը դառնայ ամբողջական: Օտեանի բառերով եւ դրական առումով՝ «ամբոխը» կրնայ ստանալ «մի պատկառելի երեւոյթ»
Այս հսկայ ուժ է: Մշակութային այնպիսի ուժ մը, որ սերտօրէն կ’առնչուի եւ մաս կը կազմէ ամերիկահայութեան ընդհանուր ուժին, պայմանով, որ բազմատեսակ ուժերը (մշակութային, տնտեսական, ակադեմական եւայլն) կարենանք համադրել եւ բոլորը հոսեցնենք մէկ ընդհանուր առուի մը մէջ: Այսինքն, կարենանք նպատակասլաց դարձնել մեր ուժերը, կամ ներքին տրամաբանութիւն մը հաղորդել անոնց: Այսինքն, երգիչին երգը, պարախումբին պարը, կամ նկարիչին կտաւի ցուցադրութիւնը անհրաժեշտ է ծառայեցնել մեր ազդեցութեան ոլորտի ընդարձակումին: Իրապէս մեծ է մեր ներուժը: