Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան եւ Միացեալ Նահանգներու Եւրոպական եւ Եւրասիական հարցերու արտաքին գործոց փոխնախարար Էրիքա Օլսըն քննարկեցին Արցախի տագնապին գծով, Ստեփանակերտի եւ Պաքուի միջեւ երկխօսութեան միջազգային գործիքակազմի մը ձեւաւորման, Ատրպէյճանի կողմէ Լաչինի միջանցքի ապօրինի շրջափակման պատճառով Արցախի մէջ ստեղծուած մարդասիրական ճգնաժամին, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման եւ տարածաշրջանային երթեւեկութեան ենթակառուցուածքներու ապաշրջափակման վերաբերող հարցերը։
Փաշինեան կարեւոր նկատեց Միացեալ Նահանգներու հետ սերտ համագործակցութեան հետեւողական զարգացումը եւ հայ-ամերիկեան ռազմավարական երկխօսութեան օրակարգի շարունակական յառաջմղումը: Ան բարձր գնահատեց Միացեալ Նահանգներու վարչակազմի օժանդակութիւնը Հայաստանի մէջ ժողովրդավարական բարեփոխումներու իրականացման եւ աւելցուց, որ այդ օրակարգի իրացկանացումը Հայաստանի կառավարութեան համար ռազմավարութիւն է եւ առաջնահերթութիւն:
Ան կարեւոր նկատեց նաեւ Միացեալ Նահանգներու ջանքերը` տարածաշրջանին մէջ կայունութեան եւ խաղաղութեան հաստատման նպատակով:
Օլսըն նշեց, որ Միացեալ Նահանգներ պիտի շարունակէ արդիւնաւէտ համագործակցութիւնը Հայաստանի մէջ ժողովրդավարական բարեփոխումներու արդիւնաւէտ կեանքի կոչման ուղղութեամբ, եւ որ իր երկրի կառավարութիւնը մեծապէս կարեւոր կը նկատէ Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու շարունակական զարգացումը։