ԱՒՕ ՊՕՂՈՍԵԱՆ

Այլեւս սովորական եւ յաճախակի դարձած են Հայաստանի մէջ խայտառակ պատահարները, բամբասանքները եւ ժողովուրդը ապակողմնորոշող ստապատիր լուրերը: Վերջինը՝ Ազգային ժողովի նախագահին եւ քաղաքացիի մը միջեւ տեղի ունեցած ամօթալի պատահարն է:
Երբ Ազգային ժողովի նախագահը իր թիկնապահներուն ընկերակցութեամբ քաղաքի կեդրոնական փողոցներէն մէկուն մէջ կը զբօսնէր, երիտասարդ քաղաքացի մը զինք տեսնելով՝ մօտեցած էր անոր եւ քանի մը անգամ անոր հասցէին «դաւաճան» ըսած էր, որուն իբրեւ պատասխան՝ թիկնապահները քաղաքացիին թեւերէն բռնելով՝ զայն անշարժացուցած էին, մինչ Ազգային ժողովի նախագահը մօտենալով անոր՝ ըսած էր, թէ իր մայրն է «դաւաճան»ը, այնուհետեւ ո՛չ աւելի, ո՛չ պակաս՝ ուղղակի թքած երիտասարդի երեսին:
Այս տեսակ հակադարձութիւն մը իսկապէս անընդունելի եւ նողկալի է, մանաւանդ որ կը դաւանինք ժողովրդավար երկիր մը ըլլալ եւ տարբերիլ մեր տարածաշրջանի կարգ մը երկիրներու հակաժողովրդավարական կարգերէն: Գետին թքելը ինքնին քաղաքակիրթ երեւոյթ չէ, ուր մնաց իշխանաւորի մը կողմէ՝ մարդու երեսին: Անիմաստ չէ այն ասացուածքը, որ կ՛ըսէ. «Ոչ ոք ընտրութիւններ շահած է թքելով իր քաղաքական հակառակորդի դէմքին»: Իսկ ուրիշ առած մը կըսէ. «Երբեք մի թքեր ջրհորի մը մէջ, որմէ օր մը ստիպուած կրնաս ըլլալ խմել- (don’t spit into a well you might drink from it later):
Իշխանութեան եկողը պէտք է ըլլայ զուսպ իր վարմունքով եւ գիտակցի, որ ոչ բոլոր հանրութիւնը կը կիսէ իշխանութեան դիրքորոշումները եւ քաղաքականութիւնը, մանաւանդ անոր, որուն օրով երկիրը պատերազմ պարտուած է, մարդկային եւ հողային անգնահատելի կորուստներ ունեցած, հակառակ այդ կորուստներու իշխանութիւններու պատասխանատուութեան չափէն:
Այս ոչ-ժողովրդավարական երեւոյթներուն եւ դրսեւորումներուն, մեր հանրութիւնը յաճախ ականատես եղած է անցեալին, ինչպէս՝ արտաքնոցի մը մէջ ընդդիմադիրի մը ծեծով սպանութեան, գիւղապետի մը սպանութեան, Ազատութեան հրապարակին վրայ ցուցարարներու վրայ ոստիկանական յարձակուին, 1 Մարտ 2008ի ցուցարարներու վրայ կրակ բանալուն եւ սպանութիւններուն, անցեալ տարի Ազգային ժողովի նիստի մը ընթացքին, ընդդիմադիր պատգամաւորի մը ապտակուելուն եւ անոր հետեւած ծեծկռտուքի, ուրիշ օր մը Ազգային ժողովի դահլիճին մէջ շիշ նետելուն, իսկ բոլորովին վերջերս, ընդդիմադիր պատգամաւորի մը կողմէ իշխանական թեւի պատգամաւորին հասցուած բռունցքի հարուածին:
Պետութիւնը ներկայացնող իշխանութեան դաւաճանութեան մեղադրանքով անհիմն մեղադրանքները պետութեան հիմքերը խախտող մեղադրանքներ են։ Նոյնպէս արտերկրի տարածքին անոր դէմ տարուող քարոզչութիւնը, երկիրը ներկայացնող դեսպանութիւններուն դէմ պոյքոթը եւ դեսպաններու հետ հանդիպող այդ երկրի ազատ քաղաքացի, ազգութեամբ հայերուն դատապարտումը եւ այլն, նոյնպէս հակապետական քայլեր են հակաիշխանական ըլլալէ առաջ…: Տրամաբանական եւ իրատեսական չէ պետութեան մը իշխանութիւնը մեղադրել դաւաճանութեամբ, պարզապէս որովհետեւ պատերազմին պարտութիւն կրած է երկիրը:
Դաւաճանական արարքներ արձանագրուած են աշխարհի բոլոր երկիրներու պատմութեան մէջ, միշտ ալ եղած են իշխաններ կամ նոյնիսկ հետախուզական ծառայութիւններու ղեկավարներ, որոնք դաւաճանած են իրենց երկրին դէմ եւ անցած հակառակորդին կողմը, իրենց անձնական շահերը գերազանց նկատելով: Իշխաններ յիշատակելը աւելորդ է, շատ են անոնք. այդպիսի ղեկավար մըն էր Անգլիական Սքոթլենտ Եարտի բարձրագոյն պետ Քիմ Ֆիլփին, որ երկար տարիներ Սովետական Միութեան հաշուոյն գաղտնի գործակալ էր եւ երբ 1963ին բացայայտուած էր, ան խոյս տուած էր Մոսկուա: Երկրի մը ամբողջ իշխանութիւնը մեղադրել ազգային շահերուն դէմ գիտակցուած դաւաճանութեամբ՝ իրատեսական չէ, ոչ ալ տրամաբանական: Այդպիսի մեղադրանք բացայայտօրէն կը ծառայէ միայն իշխանութեան ձգտումի, երբ անոնք չեն հիմնաւորուած:
Արցախեան պատերազմը մենք կորսնցուցինք, որովհետեւ թշնամին մեր նկատմամբ առաւելութիւններ ունէր: Պատերազմ մը շահելու համար կան կարգ մը անհրաժեշտ պայմաններ.
Ա. Արհեստագիտական առաւելութիւն
Բ. Անողոքութիւն եւ բրտութիւն
Գ. Կարգապահութիւն
Դ. Նորարութեան նկատմամբ ընկալունակութիւն
Ե. Կամք
Զ. Ռազմական դրամագլուխի անձեռնմխելիութիւն եւ պաշտպանութիւն
Է. Համոզում՝ որ պատերազմը աւարտած չէ եւ նոր պատերազմ մը անխուսափելի է:
Ակնյայտ է, որ մենք վերոնշեալ պայմաններուն մէջ ձախողած ենք, Արցախի առաջին պատերազմին յաղթական դուրս գալէն անմիջապէս ետք եւ մինչեւ այսօր: Այդ ձախողութիւնները չորս տարուան հետեւանքը չէին կրնար ըլլալ: Անոնք ամբողջ քառորդ դար յատկացուցին այդ պայմանները ամբողջացնելու եւ մեզի համեմատ գերազանց դիրքի վրայ գտնուելու համար։ Եւ երբ աշխարհաքաղաքական պայմանները ձեռնտու եղան մեր դէմ պատերազմ շղթայազերծելու՝ նախաձեռնեցին եւ հասան յաջողութեան:
Մեզի համար անհրաժեշտ է այս հոգեբանական ճնշուածութենէն դուրս գալ եւ ազգովին գործի լծուիլ: Իշխանութիւնները, անկասկած, ունին շատ թերութիւններ, զորս պէտք է անխնայ քննադատել: Ուրիշ միջոց չկայ զանոնք զգաստ պահելու եւ ուշադիր ըլլալու իրենց առնելիք քայլերուն մէջ։ Այդ գործին համար կան մամուլը եւ ընկերային ցանցերը, սակայն, հրաժարինք իշխանութիւնը աժան, վնասակար եւ անհիմն «դաւաճան» բառով պիտակաւորելէն մանաւանդ, երբ այդպիսի պիտակաւորողները հանրութիւնը չեն լուսաբանէր, թէ ի՛նչ են իրենց այլընտրանքային լուծումները, որոնցմով պիտի կարենան լուծել երկրին դիմաց ծառացած բազմաթիւ մարտահրաւէրները:
Սփիւռքեան մեր ներուժը օգտագործենք հայրենիքի հզօրացման նպատակին եւ չշահարկենք զայն պետութեան դէմ: Անփորձ դեսպանները եւ միւս պաշտօնեաները քննադատենք եւ պահանջենք ատակները, սակայն երբեք չնսեմացնենք զանոնք՝ յաչս պետութիւններու եւ չնուաստացնենք զանոնք:
Անհրաժեշտ է գիտակցիլ, որ կարելի չէ ժողովուրդը անդադար խաբել. ժողովուրդը ունի հաւաքական գիտակցութիւն՝ գնահատելու իշխանութեան գործունէութիւնը: Այդ էր պատճառը որ 2018ին, ան մղուեցաւ մասսայական ընդվզումի նախկին իշխանութիւններուն դէմ, որովհետեւ տեղեակ էին բոլոր բացթողումներուն մասին՝ անարդարութիւն, փտածութիւն (կորուպցիա), հարստութեան անարդար բաշխում, բանակին մէջ տիրող իրավիճակ եւ այլն: Այսօր նոյնպէս, ժողովուրդը կը գիտակցի, որ հակառակ ազգին կրած ծանր պարտութեան՝ պատասխանատուութիւնը միայն ներկայ իշխանութիւններուն վրայ բեռցնելը արդար չէ, եւ մեծ մասամբ անիկա անցեալի սխալներու պատճառով է, հետեւաբար, ան ոտքի չկանգնեցաւ ու չմիացաւ խորհրդարանական ընդդիմութեան կոչերուն՝ բոլորուելու իրենց շուրջ:
Ներկայիս պէտք է գիտակցինք, որ հակառակ բարձրաձայնուող խաղաղութեան հասնելու յոյսերուն, պատերազմը անխուսափելի է, մանաւանդ ներկայ աշխարհաքաղաքական նոր դասաւորումներու պատճառով։ Առ այդ, առաւել քան անհրաժեշտ է մեզի համար պետութեան հզօրացումը՝ մեր ունեցած բոլոր ներուժով, Հայաստանով եւ Սփիւռքով:
Բոլորուինք պետութեան շուրջ: Իշխանութիւնները գնայուն են. պետութիւնը պէտք է ըլլայ մնայուն: