
ԺԱԳ ՏԱՏԱՆԵԱՆ
(Ծնեալ՝ 14 Դեկտեմբեր 1972ին, Լոս Անճելըս)
Սրտի դառն կսկիծով կը գուժենք մեր սիրեցեալ հօր, զաւակին, եղբօր եւ հարազատին՝ Ժագ Տատանեանի անակնկալ մահը, որ պատահեցաւ Չորեքշաբթի, 22 Մարտ 2023ին։
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի Երեքշաբթի, 18 Ապրիլ 2023ին, առաւօտեան ժամը 11ին, Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր տաճարին մէջ, 900 W. Lincoln Ave., Montebello, CA 90640, ապա թաղումը՝ Rose Hills Memorial Park գերեզմանատան մէջ, 38888 Workman Miss Rd., Whitiier, CA 90601։
Սգակիրներ՝
Ծնողքը՝ Ժան եւ Ճօան Տատանեան
Զաւակները եւ քոյրերը եւ իրենց ընտանիքները
Եւ համայն հարազատներն ու բարեկամները
Թաղման արարողութենէն ետք հոգեճաշ պիտի մատուցուի Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ կից «Բաղրամեան» սրահին մէջ
Փոխան ծաղկեպսակի նուիրատուութիւնները կը խնդրուի կատարել Քրեսենթա Հովիտի Հայց. Առաքելական եկեղեցւոյ (Armenian Church of Crescenta Valley, P.O.Box 12056, La Crescenta, CA 91224)։