ՍԱՔՐԱՄԵՆԹՕ.- Քալիֆորնիոյ նահանգային խորհրդարանի անդամ Քրիս Հոլտընի կողմէ ներկայացուած եւ Ատրպէյճանի կողմէ Արցախի պաշարումը դատապարտող թիւ AJR 1 բանաձեւը 28 Մարտին հաստատուեցաւ խորհրդարանի Իրաւական յանձնախումբին կողմէ։ Բանաձեւը նաեւ Ուաշինկթընէն կը պահանջէ ճանչնալ Արցախի անկախութիւնը եւ պատժամիջոցներու դիմել Պաքուի դէմ։
Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ իրաւաբան Նորա Յովսէփեան կը յայտնէ, թէ յանձնախումբը մօտէն կը գործակցի Հոլտընի հետ, որպէսզի կարելի ըլլայ մեծ թիւով զօրակցողներ ապահովել բանաձեւին եւ անոր միջոցաւ դէմ դնել հայութեան դիմագրաւած գոյութենական վտանգներուն։ Ան շնորհակալութիւն կը յայտնէ Հոլտընին, որ առաջնորդողի դեր ստանձնած է այս հարցին մէջ։