ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- 2006ի Նոյեմբեր 1էն սկսեալ, «Զուարթնոց» օդակայանին մէջ պիտի գործէ նոր սահմանուած «անվտանգութեան վճար» եւ իւրաքանչիւր մեկնող, տարանցիկ կամ ժամանող ուղեւորներէն պիտի գանձուի 2 եուրօ գումարի արժէքով դրամ:
Սոյն որոշումը ընդունուած է՝ հիմ ընդունելով ԻԿԱՕի կանոնները, որոնք օդակայաններուն առաջարկած են կիրարկել ուղեւորներու եւ օդանաւներու անվտանգութեան ապահովման նոր արհեստագիտութիւններ:
Նշենք, որ ապահովական նպատակով, Նոյեմբեր 1էն սկսեալ «Զուարթնոց» օդակայանին մէջ պիտի դրուին մատնահետքեր կարդացող նոր սարքեր: