«Ասպարէզ»ի «Լուրեր «Համազգայինէն» սիւնակին մէջ, 7 Նոյեմբերին, անշուք ու անկենդան հազիւ 5 տողիկներ կը ծանուցէին «հանրածանօթ դաշնակահարուհի» Շուշանիկ Յովակիմեանի մենահամերգը, 5 տողեր, անգոյն ու տժգոյն, կարծես ծանուցուածը հերթական ժողովի մը հրաւէրը ըլլար։ Վախ կար, որ այդ աննշան տողերը ենթադրել տային միայն երրորդ կարգի համերգի մը ծանուցումը՝ երկրորդական նուագածուի մը կողմէ. չէ՞ որ խոնարհ եւ համեստ բաները, արժէքաւոր կամ ոչ, մեր ներկայ աշխարհին մէջ ուշադրութեան չեն արժանանար։ Արդեօք հայ ակումբներու կամ դպրոցներու մէջ, կամ «Լարք» երաժշտանոցին մէջ տեղադրուեցա՞ն Շուշանիկի համերգին ծանուցաթղթիկները եւ հայ աշակերտութիւնը քաջալերուեցա՞ւ երթալու եւ ունկնդրելու զայն. կը կասկածիմ։
Ուրախացայ, երբ Կլէնտէյլի Հանրային գրադարանին 220 աթոռներուն երեք քառորդը գրաւուած տեսայ Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 9ի երեկոյեան։
Շուշանիկ փառաւոր տաղանդի եւ անհուն համեստութեան տէր նուրբ արուեստագիտուհի է։ Ան արդէն գրեթէ կազմաւորուած երաժիշտ էր 13 տարեկանին, երբ տուաւ իր առաջին համերգը։ Ան այսօր թեւակոխած է բարձր մակարդակ եւ կը տիրապետէ նոր բարձունքներու։ Շուշանիկ անընդհատ կը կատարելագործէ իր փայփայած արուեստը, աշխատելով քաջածանօթ դաշնակահար Արմէն Բաբախանեանի շունչին ներքեւ, Երեւան, եւ արդէն իսկ դափնեկիրն է քանի մը աչքառու մրցոյթներու։
Ահա Հինգշաբթի օրուան յայտագիրը։ Չորս կտորներ. սկիզբի երկուքը՝ հայակորիզ. նախ, գերծանօթ հեղինակներու մէկը միւսէն անծանօթ բայց հիմնական գործերէն՝ Կոմիտասի «Մշոյ շորոր»ը եւ Տիգրան Մանսուրեանի «Նոստալճիա»ն (կարօտախտ)։ Ապա, վերջին երկու կտորները՝ Պեթհովէնի համանուագային թաւալումով սոնաթը, «Appassionata», եւ Ֆ. Լիսթի ծովածաւալ եւ փոթորկայոյզ միակ սոնաթը։ Հակառակ իր տրամադրութեան տակ դրուած դաշնամուրին քանի մը խուլ եւ անհաւասար վերի լարերուն, որոնք չօգնեցին Շուշանիկին, ան խոյացաւ առաջ եւ մեզի հրամցուց շշմեցուցիչ արթնամտութիւն եւ երաժշտական բեղմնաւոր հասունութիւն։ Մենք համոզուեցանք, որ դաշնամուրային արուեստը այլեւս թեքնիք գաղտնիքներ չունի Շուշանիկին համար. դաշնամուրին վերոնշեալ անհաւասարակշիռ վիճակը չկրցաւ տկարացնել արուեստագիտուհիին խոյանքը. ան կարողացաւ նուագածութեան ընթացքին հարթել այդ դժուարութիւնը։ Ի հարկէ, այս ձեւով, անիկա յաւելեալ ներդրած եղաւ, քան ինչ որ լսեցինք. ուրիշ խօսքով, անտեսանելի «ինփութ»ը աւելի ներգործող էր, քան լսելի դարձած «աութփութ»ը, ինչ որ կը կրկնապատկէ դաշնակահարուհիին հմտութիւնն ու հմայքը։
Դասական ծանօթ կտորները տրուեցան իրենց լրիւ ուժականութեամբ, նաեւ յղացքի կառուցային բարդութեան բարձունքին համապատասխանող լրջութեամբն ու վեհութեամբը, ի մասնաւորի Պեթհովէնի սոնաթին Ա. եւ Գ. շարժերուն մէջ։ Իսկ Լիսթի կտորը, որ կարծես տասէ աւելի մատներու համար գրուած ըլլար, խելայեղ ճարտարութիւն եւ ճկունութիւն կը պահանջէ, բան մը որ չսարսափեցուց մեր նրբակերտ Շուշանիկը, այլ կրկնապատկեց անոր սլացքը եւ ան յաղթական դուրս եկաւ այս լարուած գօտեմարտէն։
Ուժգին ծափահարութիւններ լսուեցան վերոյիշեալ երկու կտորներուն աւարտին. իսկ մեծ անծանօթներ՝ «Մշոյ շորոր»ը եւ խորհրդաւոր «Նոստալճիա»ն մնացին նոյնքան առեղծուածային՝ որքան էին ունկնդրութենէն առաջ… Համերգը կազմակերպող «Համազգային»ի Երաժշտական միաւորը Շուշանիկէն խնդրած էր ներկայացնել «Մշոյ շորոր»ը, իբրեւ Կոմիտասի ցարդ անծանօթ մնացած ամէնէն հիմնական երկերէն մին։ Ի դէպ, այս կտորը չունի դասական սոնաթի մը կազմակերպուած կամ «գիտականացած» զարգացումը, ոչ ալ՝ «թոքաթթա»ի մը դաշնակային աղմկալից յորձանքները. այսուամենայնիւ, Կոմիտասի (դաշնամուրի կտորներուն) գլուխգործոցը ըլլալէ չի դադրիր։ Տպուած առաջին անգամ Կոմիտասի ընդհանուր երկերու Զ. հատորին մէջ (Երեւան), «Մշոյ շորոր»ը ունի երկու խմբագրութիւններ։ Շուշանիկին նուագածը Բ.՝ 1916ի խմբագրութիւնն էր։ Այս կտորը, վերակազմուած բազմաթիւ ձեռագիր պատառիկներու համբերատար, հոգառատ եւ հմուտ դասաւորումով, Կոմիտասի ստեղծագործական կեանքի գերմարդկային վերջին ճիգերուն արգասիքն է։ Ինչպէս գիտենք, 1916-17էն մինչեւ իր մահը, 1935, ան պիտի չկարողանար այլեւս ո՛չ ստեղծագործել, ո՛չ երգել կամ գրել, հաւաքել, ուսումնասիրել, ղեկավարել, նուագել. ինքնին ահաւոր եղեռն մը՝ մեր ամէնէն հանճարեղ երաժիշտի կեանքին մէջ։ Կտորը կը պահանջէ լայն շնչաւորում, ստեղծագործ երեւակայութիւն իւրաքանչիւր եօթը՝ իրարու շաղկապուած տոտեմական եւ տոհմային հին հեթանոսական պարերու («Շարան», «Թռնոցի», «Ճօշ», «Ճոճ»…) յայտնագործման ընթացքին։ Ձայնանիշերէն եւ ստեղնաշարէն անդին, հարկաւոր է, որ փայլատակեն ընդերքային եւ լուսապայծառ կեանքն ու շունչը հին հայ լեռնականներուն, որոնք թեւ թեւի, ծանր ու հաստատուն ընթացքով կը կատարէին այս պարաշարը։ Շուշանիկը տուաւ ինչ որ դաշնակը կրնար տալ։
Կայ աւելին՝ տեսիլքը, լեռներու խորհուրդը, կեանքի բաբախում-շնչառութիւնը։ Այսօր նախապատուութիւնը բնականաբար կ՚երթար նուագարանին. սակայն յիշեալ կենսական տարրերու բեղմնաւորումը պիտի լսենք քանի մը տարի ետք, երբ անոնց գիտակից հիմնաւորումով եւ լայնածիր ներշնչումին տարածքէն ներս, կտորը պիտի ստանայ նոր անջրպետ, երբ Շուշանիկ վերառնէ նոյն երկը՝ իբրեւ ոչ միայն Բաբախանեանի նախկին աշակերտը, այլ Կոմիտասի նուիրեալ եւ մշտարթուն սանը, մոռնալով նուագարանը եւ սաւառնելով մեր լեռներէն, երբ դաշնամուրէն ժայթքած իւրաքանչիւր հնչիւնը Կոմիտասի սրտի տրոփը ըլլայ, ուր կարելի պիտի ըլլայ կերտել Կոմիտասի ստեղծագործ կեանքին վերջնագոյն փայլատակումները՝ Պարը, որպէս արեւածագը հայ հոգիին, արեւագալը հայ երազին։
Այդ երազին նախահնչիւնները մենք լսեցինք Տիգրան Մանսուրեանի խոնարհ բայց խորախորհուրդ «Նոստալճիա» (կարօտախտ) կտորին մէջ. կտոր, որ հիւսուած է լռութիւններու տրոփիւններով։ Խորհուրդներու լուսումութ հնչիւնային կայծեր մեզ կը տանին աննախատեսելի՝ մերթ ծիածանային, մերթ աղջամուղջային կածաններէն – ահա այնքա՜ն սակաւաթիւ կենսաբջիջ ձայնանշաններով քանդակուած շարժական թրթիռներու կերտում մը, որուն քով Լիսթի սոնաթը, որ պիտի լսէինք յաջորդիւ, նմանեցաւ ձայնային աղաղակող զանգուածներու հրետանիի։ Հակառակ իր խլած «պռաւօ»ներուն, այս սոնաթը ինծի թուեցաւ կէս ժամնոց դրսեցի «անքոր» (ուժգին ծափերու արձագանգող կրկնութիւն) մը՝ համերգը եզրափակելու ծառայող։
Սիրելի Շուշանիկ. շարունակէ՛ նոյն ոգիով եւ հաւատքով. Կոմիտասը քովդ է. միշտ ներկայ։