Սիրելի ազգայիններ,
2010ին, ՀՕՄը պիտի բոլորէ իր հարիւրամեակը եւ դառնայ հարիւր տարեկան: Հարիւր տարիներու վրայ երկարող վերիվայրումներով, ազգօգուտ եւ հայրենաշէն իրագործումներով լեցուն ճանապարհ, դար մը պատմութիւն ու ծառայութիւն՝ որ իր պատուաբեր եւ արժանապատիւ տեղն ու դիրքը ունի հայ ժողովուրդի կեանքէն ներս ու անոր սրտին մէջ: Ահաւասիկ այսպիսի անզուգական կազմակերպութեան, Հայ օգնութեան միութեան հարիւրամեակն է 2010 թուականը: Նկատի ունենալով սոյն անկիւնադարձային թուականը, ՀՕՄի Համահայկական 68րդ պատգամաւորական ժողովը, բանաձեւի ճամբով, Կեդրոնական վարչութեան ուսերուն դրած է 100 ամեակի հիմնադրամի ստեղծումը: Ներկայիս Կեդրոնական վարչութեան առաջնորդութեամբ, աշխարհացրիւ բոլոր շրջաններն ու մասնաճիւղերը գործի լծուած են, ՀՕՄի մեծ ընտանիքի երթը ապահովելու կոչուած այնքան կենսական ե՛ւ կենսատու կարեւորութիւն ունեցող հիմնադրամի աշխատանքը յաջողութեամբ պսակելու համար:
Այս առթիւ, ՀՕՄի Արեւմտեան ափի Շրջանային վարչութիւնը կեանքի կոչած է յանձնախումբ մը, որ ՀՕՄուհիներու ամբողջական եւ անվերապահ գործակցութեամբ, պիտի ջանայ զանազան միջոցառումներով ոչ միայն արժանավայել կերպով տօնախմբել մեր կազմակերպութեան փառահեղ հարիւրամեակը, այլ վճռած է պատուով դուրս գալ Արեւմտեան շրջանի ուսերուն դրուած նիւթական պարտաւորութենէն, որ է ՄԷԿ միլիոն տոլար եւ աւելի:
Այստեղ պատշաճ կը գտնենք յայտնելու ձեզի, թէ ՀՕՄի 100 ամեակի հիմնադրամը կը վայելէ բարձր հովանաւորութիւնը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Արամ Ա.ին, Հայաստանի Հանրապետութեան Առաջին տիկին տոքթ. Պելլա Քոչարեանին, Լիբանանի Հանրապետութեան Առաջին տիկին Անտրէ Լահուտին, Մեծն Բրիտանիոյ Լորտերու պալատի անդամ, պարոնուհի Քարոլայն Քոքսին, Քառնեկի հաստատութեան նախագահ՝ դոկտ. Վարդան Գրիգորեանին, շարժանկարի միջազգային դերասանուհի Արսինէ Խանճեանին: Այսպիսի պատկառելի անձնաւորութեանց հովանաւորութեամբ, կեդրոնական եւ շրջանային վարչութեանց ցուցմունքներով եւ առաջնորդութեամբ, մեր ժողովուրդի տասնամեակներու գործակցութեան եւ առատաձեռնութեան հաւատալով եւ վստահելով, նաեւ մասնաւորաբար իբրեւ յենարան ունենալով մեր հաւատաւոր ու նուիրեալ ընկերուհիները, սկսած ենք աշխատանքի եւ արդէն իսկ որոշ խոստում-գումար ապահոված:
Այսօր, հպարտութեամբ եւ ուրախութեամբ 137 հազար տոլարի խոստում- գումարով կը ներկայանանք մեր ժողովուրդին: Թող մեր ընկերուհիներուն նուիրաբերածը բազմապատկուի մեր հարազատ ժողովուրդի առատաձեռն նուիրատուութիւններով: Յետայսու, մեր շարքերէն ներս եւ դուրս, դրամահաւաքը պիտի շարունակուի, հասնելով համեստ կարողութիւններու տէր մեր ազգակիցներէն մինչեւ կեանքի ամէն տեսակ բարիքներով բախտաւորուած մեր մեծահարուստներուն:
Թանկագին ազգակիցներ, բոլորիս ծանօթ է որ Հայ օգնութեան միութիւնը դար մը ամբողջ բաշխեց ու բաշխուեցաւ, սիրտն ու հոգին միախառնելով բաշխումի գործին. դար մը ամբողջ բարի սերմնացանի դերակատարութեամբ, սերմանեց բոլորին անխտիր, աշխարհի չորս ծագերուն: Պահն է հունձքի. մէկի տեղ հարիւր, հարիւրի տեղ հազար, հազարի տեղ միլիոն ստանալու, կրկի՛ն ու կրկի՛ն սերմանելու, բաշխելու եւ բաշխուելու պայմանով ու նպատակով:
Արդ՝ որպէսզի ՀՕՄը կարենայ հարիւր եւ աւելի տարիներ եւս շարունակել բարի սերմնացանի իր առաքելութիւնը, անհրաժեշտ է անոր ներարկել նոր աւիշ եւ աւիւն: Եթէ կ’ուզենք, որ այս հրաշագործ կազմակերպութեան գնացքը ոչ միայն կանգուն մնայ, այլ հսկայաքայլ, սրընթաց յառաջ երթայ, հարկ է ուժանիւթ հայթայթել անոր:
Ասկէ երեսուն տարի առաջ ֆրեզնոյաբնակ համեստ հայուհի՝ ընկերուհի Սօֆիա Յակոբեանը, հաւատալով այս կազմակերպութեան յաւերժական երթին եւ վստահելով հայ կանանց այս մեծ կազմակերպութեան ազգանպաստ բծախնդիր տնտեսումին, իր ճակտի քրտինքով, այգեգործութեան տաժանակիր աշխատանքով վաստկած խնայողութիւնը ամբողջութեամբ կտակեց ՀՕՄին:
Այնուհետեւ ՀՕՄը նոր աւիշ, նոր աւիւն եւ հարկ եղած ուժանիւթը ստանալով, պետութեան մը համազօր, սփիւռքեան եւ հայրենական բազմաթիւ եւ բազմատեսակ ծրագիրներ իրագործեց: Ընկերուհի Սօֆիան կոչուեցաւ Մայր Սօֆիա: Կ’ըսուի, թէ Մայր Սօֆիան իր արդար վաստակով՝ ունեցած իր խնայողութեամբ կրնար իշխանուհիի մը պէս ապրիլ, սակայն ան նախընտրեց մէկ ձեռք հագուստ ունենալ, մնացեալը խնայելու եւ նուիրաբերելու համար իր սիրած ազգին: Մայր Սօֆիայի անունը ոսկի տառերով արձանագրուած է ՀՕՄի մատեանին մէջ, իսկ իր յիշատակը միշտ վառ կը մնայ ՀՕՄուհիներու կեանքէն ներս:
Ուրեմն, կը հաւատանք եւ վստահ ենք որ մեր ժողովուրդի ծոցէն երեւան պիտի գան Մայր Սօֆիա Յակոբեանի վարքով ու կենցաղով հայորդիներ, որոնք անսակարկ պիտի նուիրաբերեն, քանի որ «Տալ Հայ օգնութեան միութեան կը նշանակէ տալ Աստուծոյ եւ հայ ժողովուրդին», երջանկայիշատակ Խորէն վեհափառին սոյն խօսքերու հետեւողութեամբ մենք ալ մեր կարգին կ’ըսենք՝ «Տա՛նք ՀՕՄին, որպէսզի ան կարենայ շարունակել աստուածահաճոյ, մարդահաճոյ եւ ազգահաճոյ իր գործունէութիւնը»:
Հայ օգնութեան միութիւնը, սփիւռքեան ու հայրենական իր հարիւրամեայ լայնածաւալ եւ հարուստ գործունէութեան ծանրակշիռ մատեանը իբրեւ աւանդ շալկած, հպարտ եւ ուղղաձիգ կանգնած նոր հարիւրամեակի նախասեմին, հայեացքը ուղղած դէպի գալիք հարիւրամեակը, պատրաստ նոր մարտահրաւէրներու եւ նորանոր յանձնառութիւններու, վճռականօրէն որոշած է տակաւին 100 եւ աւելի տարիներ լինե՛լ… եւ յարատեւել:
Յարատեւել հայ ժողովուրդի հինաւուրց արմատի յաւերժութեան ի խնդիր:
Յարատեւել հայ ժողովուրդի ազգային ճիչը միջազգային ատեաններէ լսելի դարձնելու համար:
Յարատեւել նոր սերունդներու հայեցի դաստիարակութեան, ազգային դիմագիծի անաղարտ պահպանման, նաեւ ժամանակի հետ քայլ պահող, երիտասարդական ծրագիրներ մշակելու համար:
Յարատեւել հայ որբերու, անկարներու, հիւանդներու, կարիքաւոր ուսանողներու, տարեցներու եւ տնազուրկներու օգնութեան հասնելու համար:
Եւ ի վերջոյ լինել եւ յարատեւել Հայաստանի եւ հայութեան ծաղկումին, բարգաւաճման ու ազգային անկատար իղձերու իրականացման համար:
Նշուած կէտերու ի խնդիր, յաջորդական քանի՜-քանի՜ սերունդներ, դարերու ընդմէջէն կենդանացած, «Տիկնայք փափկասուններու» ոգին ժառանգած, մարդկային ե՛ւ ազգային խոր գիտակցութեան ընկալումով, ՀՕՄի դրօշի ներքոյ, ոչ միայն գթութեան, մարդասիրութեան գործեր ծաւալեցին, այլեւ ազգային դատին լծուելով, ազգի գոյապայքարին բերին իրենց ամենալայն բաժինը:
Այսօր հերթը մերն է եւ ձերը: Հարիւրամեակի նախասեմին մեզի առիթ տրուած է հիմնադրամին ի նպաստ նուէրով մը, երախտագիտական մեր զգացումները յայտնելու, դար մը ամբողջ հայ ժողովուրդի գոյապահպանման ու յաւերժութեանը անսակարկ ու անխոնջ ծառայած Հայ օգնութեան միութեան։ Եկէք միասնաբար նիւթաբարոյական մեր օժանդակութեամբ հզօրացնենք հայ կանանց այս մեծ կազմակերպութիւնը, որպէսզի ան կարենայ շարունակել ժպիտ բաժխել հայ որբուկին, մտքի լոյս՝ ուսանողին, յոյս ու կորով՝ հիւանդին ու անկարին։ Կը վստահեցնենք ձեզի, որ ձեր նուիրաբերածը հազարապատիկով կը վերադառնայ ձեզի, մարդասիրական, բարեսիրական նաեւ ազգօգուտ ու հայրենաշէն ծրագիրներու իրագործումով։
Տուրքէ զերծ ձեր նուիրատուութիւնները հաճեցէք ուղարկել՝
A.R.S. Centennial Fund
517 W. Glenoaks Blvd.
Glendale, CA 91202
Կանխայայտ շնորհակալութեամբ՝
ՀՕՄի Արեւմտեան Ամերիկայի
Միացեալ Նահանգներու
Շրջանային Վարչութեան
100 Ամեակի Յանձնախումբ