
ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Երեքշաբթի, 7 Փետրուարի երեկոյեան, Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի կողմէ Քոնկրեսին ներկայացուած «Միութեան վիճակ»ը տարեկան ելոյթին, քոնկրեսական Էտըմ Շիֆի պաշտօնական հիւրը հանդիսացաւ Միացեալ Նահանգներու մօտ Արցախի Հանրապետութեան ներկայացուցիչ Ռոպերթ Աւետիսեան։
Շիֆ, որ Արցախի վրայ 2020ին սկսած Ատրպէյճանի յարձակումներուն եւ յատկապէս անցեալ տարուան Դեկտեմբերին սկսած Արցախի պաշարումին առաջին օրէն ի վեր կապի մէջ մտած է Պայտընի վարչակազմին հետ՝ անմարդկային պաշարման վերջ մը դնելու համար, կը յայտնէ, թէ Աւետիսեանը հրաւիրելու որոշումին դրդապատճառն էր Արցախի ժողովուրդին դիմագրաւած ճգնաժամը լուսարձակի տակ առնելը։
Անդրադառնալով նախագահին ելոյթին՝ Շիֆ յայտնեց, թէ Պայտըն կարեւոր նկատած էր սպառնալիքներ դիմագրաւողներուն աջակցիլը եր Ամերիկան ազատութեան փարոս մը պահելու հրամայականը։ Շիֆ յայտնեց, թէ այդ երկու պատգամներուն կարելի է կապել Արցախի վիճակը՝ յիշեցնելով, որ արցախցիները ուտեստեղէնի եւ կենսական այլ կարիքներու պակասէն կը տառապին Պաքուի պարտադրած շրջափակումին պատճառով, յատկապէս ներկայի ցուրտ պայմաններուն մէջ։
«Հպարտ եմ, որ Միացեալ Նահանգներու մօտ Արցախի Հանրապետութեան ներկայացուցիչ Ռոպերթ Աւետիսեանը հրաւիրեցի ելոյթին։ Կ՛ուզէին այդ քայլով յստակ դարձնել, որ պիտի շարունակեմ նեցուկ կանգնիլ Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման եւ խաղաղ ապրելու իրաւունքներուն։ Միշտ պիտի զօրակցիմ Հայաստանի եւ Արցախի ժողովուրդին եւ կ՛ուզեմ շնորհակալութիւն յայտնել Աւետիսեանին, որ ամէն միջոցի կը դիմէ Արցախի կացութիւնը լուսարձակի տակ պահելու համար եւ կոչ կընե՛մ նախագահ Պայտընին, որ դիւանագիտական բոլոր միջոցներուն դիմէ՝ երաշխաւորելու համար արցախցիներուն ապահովութիւնը», ըսաւ Շիֆ։

«Երախտապարտ եմ կոնգրեսական Շիֆի հրաւէրի համար` մասնակցելու «պետութեան վիճակ»ի մասին ելոյթին: Իսկապէս ոգեշնչող էր ականատես լինել, թէ ինչպէս է այս ժողովրդավարական աւանդոյթը շարունակւում դարերի ընթացքում եւ առաջ մղում համընդհանուր մօտեցումները` դրանով իսկ նպաստելով Միացեալ Նահանգների քաղաքական համակարգի հզօրութեանը: Միեւնոյն ժամանակ, ես շատ բարձր եմ գնահատում այս պատմական հնարաւորութիւնը, քանի որ Արցախի Հանրապետութեան իմ բոլոր հայրենակիցները շարունակում են դիմակայել Ադրբեջանի կողմից շարունակուող շրջափակման հետեւանքով առաջացած հսկայական մարտահրաւէրներին: Սա հիանալի առիթ էր` ուշադրութիւն հրաւիրելու Բաքուի մենատէր վարչակարգի կողմից Արցախում 120,000 մարդկանց նկատմամբ անմարդկային վերաբերմունքի վրայ: Յուսով ենք, որ Միացեալ Նահանգների Կոնգրեսի եւ վարչակազմի հետեւողական ջանքերով եւ աջակցութեամբ Արցախի շրջափակումը կ՛աւարտուի, մենք կը յաղթահարենք ճգնաժամը եւ կը շարունակենք ինքնիշխան ժողովրդավարութիւն կառուցելու մեր ուղին», իր կարգին յայտնեց Աւետիսեան:
Նշենք, որ «Միութեան վիճակ»ը ելոյթէն առաջ, Շիֆ «Ասպարէզ»ի խմբագիր Արա Խաչատրեանի հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին բացատրած էր Աւետիսեանը հրաւիրելու կարեւորութիւնը։ Հարցազրոյցը դիտելու համար այցելել՝ կայքէջը։