
Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու Հայոց թեմի առաջնորդ Թորգոմ եպս. Տօնոյեան, Հոգեւորականաց դասը, Կրօնական ժողովը, Ազգային վարչութիւնը, Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, ծխական շրջանները եւ Ազգային վարժարանները սրտի դառն կսկիծով կը գուժեն թեմի բազմավաստակ եւ շինարար նախկին առաջնորդ Եփրեմ արք. Թապագեանի վախճանումը, որ պատահեցաւ Ուրբաթ, 20 Յունուար 2023ի երեկոյեան, յետ կարճատեւ հիւանդութեան:
Անցնող շուրջ հինգ տասնամեակներուն, լուսահոգի սրբազանը բազմամակարդակ ծառայութիւն բերած է եւ փնտռելի ներկայութիւն դարձած է Արեւմտեան Ամերիկայի հայ կեանքին մէջ: Ան կը հանդիսանայ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմի երկրորդ առաջնորդը՝ 1977էն մինչեւ 1985, ինչպէս նաեւ հեղինակ է շարք մը հոգեւոր աշխատասիրութիւններու եւ թարգմանութիւններու:
Տան կարգը, նախագահութեամբ Արեւելեան Ամերիկայի Հայոց թեմի առաջնորդ Անուշաւան արք. Դանիէլեանի՝ տեղի պիտի ունենայ 1 Փետրուարի երեկոյեան ժամը 5։30էն սկսեալ, Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ։
Ս. պատարագը եւ վերջին օծումը՝ ձեռամբ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմի առաջնորդ Թորգոմ եպս. Տօնոյեանի, նոյն օրը եւ նոյն եկեղեցւոյ մէջ տեղի պիտի ունենայ երեկոյեան ժամը 6էն սկսեալ, որուն պիտի յաջորդէ եկեղեցւոյ կարգը՝ նախագահութեամբ Գանատայի Հայոց թեմի առաջնորդ Բաբգէն արք. Չարեանի, երեկոյեան ժամը 8էն սկսեալ։
Գերեզմանի կարգը տեղի պիտի ունենայ 2 Փետրուարին, առաւօտեան ժամը 9։30էն սկսեալ, Hollywood Hills Forest Lawn-ի մէջ։
Լոյս՝ վախճանեալ Եփրեմ սրբազանի հոգւոյն։
Ծանօթ.
1) Վախճանեալ սրբազանին փափաքով, հոգեճաշ պիտի չմատուցուի:
2) Փոխան ծաղկեպսակի նուիրատուութիւնները կատարել Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Դպրեվանքին:
ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ
