«Արցախփրէս» լրատու գործակալութիւնը Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութենէն խնդրեց մեկնաբանել Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի յայտարարութիւնը այն մասին, որ ռուսական խաղաղապահ զօրակազմը, որ եռակողմ յայտարարութեամբ լիազօրուած է վերահսկելու Լաչինի միջանցքով երթեւեկին, ունի փոխադրամիջոցները ստուգելու բոլոր հնարաւորութիւնները:
Նախարարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու վարչութենէն պատասխանեցին, որ, ըստ 9 Նոյեմբեր 2020ի եռակողմ յայտարարութեան, Լաչինի միջանցքը պէտք է գտնուի Ռուսիոյ խաղաղապահ զօրակազմի վերահսկողութեան եւ պաշտպանութեան տակ:
«Այսպիսով, եռակողմ յայտարարութիւնը հէնց ռուսական խաղաղապահ զօրախմբին է լիազօրում վերահսկել Լաչինի միջանցքով երթեւեկութիւնը: Կասկած չկայ, որ ռուսական խաղաղապահ զօրակազմն ունի բոլոր անհրաժեշտ, այդ թւում՝ տեխնիկական (արհեստագիտական) հնարաւորութիւնները՝ ստուգելու տրանսպորտային միջոցները՝ միջանցքի անվտանգ գործունէութիւնն ապահովելու նպատակով:
«Միեւնոյն ժամանակ, հարկ է նշել, որ եռակողմ յայտարարութեան համաձայն՝ Ադրբեջանը պէտք է երաշխաւորի Լաչինի միջանցքով քաղաքացիների, տրանսպորտային միջոցների եւ բեռների՝ երկու ուղղութիւններով տեղաշարժի անվտանգութիւնն՝ առանց որեւէ սահմանափակումների», կը նշուի պաշտօնական մեկնաբանութեան մէջ: