Արցախի պետական նախարար Ռուբէն Վարդանեան Ֆրանսական «Ֆրանս 24» կայանին տուած հարցազրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ Ատրպէյճան պէտք է հասկնայ, որ կողք կողքի ապրելու միակ ձեւը դրացիներ ըլլալն է, եւ ոչ թէ Ատրպէյճանին մաս կազմելը:
Երկարաշունչ հարցազրոյցին ընթացքին ան քննադատեց եւրոպական երկիրները՝ «Ադրբեջանի հետ առեւտրային գործունէութեան» համար, շեշտեց, որ այդպիսով Եւրոպան «ընդունում է աւտորիտար (մենատիրական) ռեժիմը (իշխանութիւնը), որը փորձում է քանդել Արցախի պէս ժողովրդավարական երկիրը»:
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ ի՛նչ կրնայ ընել եւ ինչպէ՛ս կրնայ օգնել Եւրոպական Միութիւնը՝ Վարդանեան ըսաւ, որ Եւրոպան կրնայ Ալիեւի վարչակարգին վրայ ճնշում բանեցնել, օդային միջանցք ստեղծել դէպի Արցախ, նաեւ Արցախը ճանչնալ, որ, ըստ Վարդանեանի՝ «այս պատմութիւնն աւարտելու լաւագոյն ձեւն է»:
Ան «Թելեկրամ»ի իր ալիքին վրայ անդրադարձաւ Արցախի մէջ տիրող կացութեան եւ շեշտեց, թէ երկիրը կը շարունակէ դիմակայել Ատրպէյճանի կողմէ ստեղծուած մարդասիրական աղէտը, որ օր ըստ օրէ կը խորանայ: «Արցախն ու արցախցիներն անսասան են իրենց հայրենիքում ապրելու իրենց անքակտելի իրաւունքի համար մղուող պայքարում», ըսաւ ան:
Վարդանեան շնորհակալութիւն յայտնեց միջազգային կազմակերպութիւններուն, զանազան երկիրներու խորհրդարաններուն՝ Արցախի ճակատագիրին նկատմամբ ոչ-անտարբեր բոլոր օտար պաշտօնեաներուն՝ Արցախի ձայնը լսելու, արձագանգելու եւ հարցը իրենց կողմէ բարձրացնելնուն համար:
«Յոյս ունեմ, որ նաեւ միջազգային հանրութեան շարունակական ճնշումների շնորհիւ Արցախն արագ կը յաղթահարի այս ճգնաժամը», յայտնեց Վարդանեան: