Արցախի մէջ մարդկասիրական ճգնաժամը կանխելու համար դատապարտող յայտարարութիւններէն բացի, անհրաժեշտ է, որ միջազգային կառոյցները յստակ պատժամիջոցներ կիրարկեն Ատրպէյճանի նկատմամբ, որովհետեւ արցախահայութիւնը վտանգաւոր վիճակի դէմ յանդիման է: «Ազատութեան» հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին այս ահազանգը հնչեցուց Արցախի արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Դաւիթ Բաբայեան՝ աւելցնելով, որ Հայաստանի իշխանութիւնները ինքնին ա՛յս ուղղութեամբ քայլերու պէտք է ձեռնարկեն:
«Դատապարտել պէտք է այդ յայտարարութիւնների տեսքով, եւ ի հարկէ շատ կարեւոր է, որպէսզի պատժամիջոցներ կիրառէր Ադրբեջանի նկատմամբ: Խնդիրն այն չէ, որ մենք պէտք է այս ամէնը ցոյց տանք որպէս յաղթանակ կամ պարտութիւն: Պարզապէս հումանիտար ճգնաժամը, ցեղասպանութիւնը կանխելու համար: Ուրիշ ոչ մի բան մեզ այս պահի դրութեամբ պէտք չէ», ըսաւ ան:
Ըստ Դաւիթ Բաբայեանի՝ միջազգային կառոյցները, որոնց կարգին Կարմիր Խաչը, ՄԱԿը, մարդասիրական օգնութեան զուգահեռ, պէտք է նաեւ յայտարարութիւններով հանդէս գան՝ այլապէս 120 հազար անձեր սովամահ պիտի ըլլան: Ըստ անոր՝ ներկայ դրութեամբ Արցախի մէջ կայ դեղորայքի, ուտելիքի եւ վառելիքի խիստ պակաս եւ 30 հազար մանուկներ այս իրավիճակին մէջ կը փորձեն գոյատեւել։ «Մենք ի հարկէ շնորհակալ ենք, որ Կարմիր Խաչը նման քայլեր է ձեռնարկում՝ տեղափոխում է բեռներ եւ այլն, փորձում են օգնել ըստ ամենայնի, բայց կարեւոր է շատ նաեւ, որ քաղաքական համապատասխան մեսիջներ (պատգամներ) հնչեցուեն: Մարդկանց օգնելը շատ լաւ է, ծայրայեղ դէպքերում ինչ-որ բան տեղափոխելը շատ լաւ է, բայց չէ՞ որ լաւագոյն տարբերակը այն է, որպէսզի այդ ահաբեկչութիւնը Արցախի նկատմամբ կանգենցուի: Դրա համար նոյն Կարմիր Խաչը, ՄԱԿը, մարդու իրաւունքների պաշտպանները, տարբեր կառոյցներ պէտք է լծուեն այդ գործին: Սա ոչ այլ ինչ է, քան մարտահրաւէր քաղաքակիրթ աշխարհին: Որովհետեւ մի ողջ ժողովուրդ սովամահ է լինում: Ոչ մի բան… ուրիշ երկրներում պարում են, Ձմեռ պապից ինչ-որ ակնկալիքներ են սպասում երեխաները: Մեր երեխաներն էլ հաց չունեն ուտելու, սոված են», ըսաւ Բաբայեան: