ԱՆԳԱՐԱ, «Ռոյթըրզ».- Թուրքիոյ Խորհրդարանը Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 17ին յատուկ նիստ մը գումարեց՝ քննելու համար Ֆրանսայի խորհրդարանին կողմէ վաւերացուած Հայկական Ցեղասպանութեան ուրացումը յանցագործութիւն նկատող օրինագիծին հարցը, պնդելով, թէ այդ օրինագիծին հետեւանքով ոչ միայն Ֆրանսայի եւ Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւնները վնասուած են, այլեւ Ֆրանսա պիտի համարուի այն երկիրը, որ Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւնները բարելաւելու գործընթացին դէմ կեցաւ…
Խորհրդարանը «զարմանք» յայտնեց, թէ Ֆրանսայի խորհրդարանը նման օրինագիծ մը կը վաւերացնէ, մինչ Ֆրանսայի կողմէ Ալճերիոյ, Մատակասքարի ու ափրիկեան կարգ մը երկիրներու մէջ գործուած ոճիրներուն քննարկումը կը ձգէ պատմաբաններուն:
Խորհրդարանին առջեւ ելոյթ ունենալով, արտաքին գործոց նախարար Ապտալլա Կիւլ նախ երեսփոխաններուն բացատրութիւններ տուաւ ստեղծուած կացութեան մասին, որմէ ետք վստահեցուց, թէ ամէն միջոց ի գործ պիտի դնէ ձախողութեան մատնելու համար օրինագիծը օրէնքի վերածելու գործընթացը:
Յայտնենք, թէ Ֆրանսայի Ծերակոյտը եւս պէտք է վաւերացնէ բանաձեւը, որմէ ետք նախագահը պէտք է ստորագրէ զայն:
Միւս կողմէ, Ֆրանսայի նախագահի գրասենեակը հերքեց թրքական մամուլին մէջ երեւցած այն լուրը, ըստ որու Շիրաք հեռաձայնային խօսակցութեան ընթացքին վարչապետ Ռէչէփ Թայիփ Էրտողանին ըսած էր, որ «կը ցաւի Ֆրանսայի խորհրդարանի ընդունած օրինագիծին համար եւ իր կարելին պիտի ընէ անոր յառաջիկայ վաւերացումը արգիլելու համար»։ Ֆրանսացիները յայտնեցին, թէ Շիրաք դիտել տուած է, որ Թուրքիա պէտք է հաշտուի իր պատմութեան հետ:
«Հիւրրիյէթ» կը գրէ, թէ Էրտողան ցաւ յայտնած է Շիրաքի կողմէ Երեւանի մէջ արտասանուած խօսքերուն համար:
Նաեւ, ԵԱՀԿի Մամլոյ ազատութեան հարցերու ներկայացուցիչը Երեքշաբթի օր նամակ մը յղեց Ֆրանսայի Ծերակոյտին, անկէ պահանջելով, որ չվաւերացնէ Հայկական Ցեղասպանութեան ուրացողները պատժող օրէնքը, զայն արտայայտուելու ազատութեան դէմ արարք մը նկատելով: