ՓԱՐԻԶ, «Նոյեան Տապան».- Վարչապետ Անդրանիկ Մարգարեան Հոկտեմբեր 16ին աշխատանքային եռօրեայ այցով ժամանեց Փարիզ՝ Հայաստանի վերանկախացման 15ամեակին եւ Ֆրանսայի մէջ Հայաստանի տարուան խորհրդանշական մեկնարկին նուիրուած ձեռնարկներուն մասնակցելու նպատակով:
Երէկ, վարչապետ Մարգարեան եւ Հայաստանի պատուիրակութեան անդամները Ֆրանսայի Ծերակոյտին մէջ մասնակցեցան Ծերակոյտի նախագահ Քրիսթիան Փոնսըլէի կողմէ կազմակերպուած ընդունելութեան:
Վարչապետ Մարգարեան իր արտասանած խօսքով շնորհակալութիւն յայտնեց ջերմ հիւրընկալութեան, ինչպէս նաեւ Ծերակոյտին մէջ Հայաստանի եւ Ֆրանսայի քոյր քաղաքներու գործակցութեան համաժողովի գումարման հնարաւորութիւնը ընձեռելու համար: Ան ընդգծեց, որ հայ-ֆրանսական գործակցութեան մեծապէս կը նպաստէ նաեւ խորհրդարանական բարեկամական խումբերու գործունէութիւնը:
Այնուհետեւ պատուիրակութեան անդամները հրաւիրուեցան Ծերակոյտի «Քլեմանսօ» նիստերու դահլիճ, մասնակցելու Հայաստանի եւ Ֆրանսայի քոյր քաղաքներու ապակեդրոնացուած գործակցութեան համաժողովի բացման: Քրիսթիան Փոնսըլէ իր խօսքին մէջ նշեց, որ Ծերակոյտի եւ իրեն համար մեծ պատիւ է հիւրընկալել այս համաժողովը:
Ա. Մարգարեան համաժողովին ուղղած իր ողջոյնի խօսքով ընդգծեց, որ ժողովը կարեւոր քայլ է ապակեդրոնացուած մակարդակով հայ-ֆրանսական գործակցութեան խթանման ուղղութեամբ եւ յայտնեց, որ ան նոր հեռանկարներ կը բանայ երկու երկիրներու յարաբերութեանց մէջ:
Այնուհետեւ Ա. Մարգարեան ընդհանուր գիծերով ներկայացուց Հայաստանի ներկայ վիճակը եւ զարգացման հեռանկարները:
Անդրադառնալով հայ-ֆրանսական գործակցութեան, վարչապետ Մարգարեան ընդգծեց, որ քիչ երկիրներու հետ գոյութիւն ունին նման մակարդակով զարգացած կապեր եւ այս առնչութեամբ ընդգծեց ֆրանսահայութեան դերը, որ կենդանի կամուրջ է երկու երկիրներուն միջեւ. «Ֆրանսայում գործում են 500ից աւելի հայկական ամենատարբեր կազմակերպութիւններ, որոնց գործունէութիւնը որոշ չափով ուղղուած է նաեւ դէպի Հայաստան: Դրանք համագործակցութեան կարեւորագոյն գործիքներ են, եւ ես, առիթից օգտուելով, ցանկանում եմ շնորհակալութիւն յայտնել Ֆրանսայի կառավարութեանը, տեղական եւ շրջանային իշխանութիւններին, որոնք գնահատում են նրանց գործունէութիւնը եւ ցուցաբերում ամենայն աջակցութիւն» նշեց վարչապետը:
Համաժողովին ելոյթ ունեցաւ նաեւ հայ-ֆրանսական խորհրդարանական բարեկամական խումբի ղեկավարը: Ան նշեց, որ 50 անդամէ բաղկացած այս խումբը, ըստ էութեան, ամենաբազմամարդն է խորհրդարանական նման խումբերու մէջ եւ անդրադառնալով Հայկական Ցեղասպանութեան հարցին, ողջունելի համարեց Ֆրանսայի Ազգային ժողովին կողմէ Ցեղասպանութեան ժխտումը դատապարտող օրէնքի ընդունումը:
Այնուհետեւ երկուստեք գործնական առաջարկներ եղան գործակցութեան զանազան բնագաւառներու մասին: