ԵՐԵՒԱՆ, ՀՀ Նախագահի Մամլոյ Գրասենեակ.- Նախագահ Ռոպերթ Քոչարեան Հոկտեմբեր 17ին ընդունեց Քալմիքիայի եւ Ճատրակի միջազգային ընկերակցութեան նախագահ Քիրսան Իլիւմժինովը, որ Երեւանի մէջ կազմակերպուած մինչեւ 20 տարեկան ճատրակիստներու աշխարհի ախոյեանութեան մասնակցելու նպատակով Հայաստան կը գտնուէր:
Հանդիպման ընթացքին, Իլիւմժինով ողջունեց ճատրակի զարգացման նկատմամբ Հայաստանի իշխանութիւններու ջանքերը, որոնց շնորհիւ Հայաստան 165 երկիրներու շարքին կը գրաւէ չորրորդ դիրքը:
Քոչարեան յայտնեց, որ Հայաստանի ճատրակիստներուն վերջին շրջանի իրերայաջորդ յաղթանակները ոգեւորիչ օրինակ դարձած են շատերու համար եւ մեծցած է ճատրակի նկատմամբ հետաքրքրութիւնը:
Կողմերը միտքեր փոխանակեցին Հայաստանի մէջ մարզաձեւի զարգացման հեռանկարներուն, դպրոցներուն մէջ ճատրակի ուսուցման վերաբերեալ: Նաեւ, անդրադարձան Հայաստանի եւ Քալմիքիայի հնարաւոր գործակցութեան հարցերուն: Նշելով, որ Ռուսիոյ հարաւային շրջաններուն հետ Հայաստան ունի գործակցութեան լաւ փորձ, Քոչարեան յայտնեց, որ անհրաժեշտ է համադրել կողմերու տնտեսական ներուժը եւ յստակացնել գործակցութեան ուղղութիւնները:
Նոյն օրը, Քոչարեան հրաժեշտի հանդիպում ունեցաւ Հայաստանի մէջ Եւրոյանձնաժողովի պատուիրակութեան ղեկավար Թորպէն Հոլցէի հետ: