Ատրպէյճանի խորհրդարանը` Միլի մեճլիսը, իր համերաշխութիւնը յայտնեց Լաչինի միջանցքը արգելափակող մարդոց, որոնք ատրպէյճանական մամուլին մէջ կը ներկայացուին իբրեւ բնապահպաններ։
Ըստ «Թրենտ» լրատու գործակալութեան՝ պատգամաւոր Սիյաւուշ Նովրուզով 16 Դեկտեմբերին խորհրդարանին մէջ ըսաւ, թէ այդ ցոյցը պէտք էր շատ աւելի կանուխ կատարել:
«Մենք անոնց հետ ենք, մենք անոնց կը սատարենք եւ մինչեւ վերջ պիտի աջակցինք: Այդ ցոյցին մեր երիտասարդութեան մասնակցութիւնը դրուատիքի արժանի է», յայտարարեց պատգամաւորը:
Ըստ անոր՝ «հայերը այդ ճամբան կ՛օգտագործեն թալանի համար եւ բնապահպանական ահաբեկչութիւն կը կատարեն Ատրպէյճանի տարածքին»։
«Համոզուած եմ, որ պէտք է ընդարձակել այդ ցոյցը եւ աւելցնել պահանջները», յայտարարեց Նովրուզով: