Անցեալ Հինգշաբթի օրուան իր ժողովին, Լիբանանի կառավարութիւնը դեսպաններու նշանակման օրակարգի ծիրէն ներս Ղազախստանի մէջ Լիբանանի դեսպան նշանակեց Վազգէն Գաւլագեանը:
Վազգէն Գաւլագեան ծնած է 22 Նոյեմբեր 1959ին, Պէյրութ: Նախնական կրթութիւնը ստացած է քաղաքի Հայ Աւետարանական քոլէճին մէջ, ապա յաճախած է «Յովակիմեան-Մանուկեան» երկրորդական վարժարանը: 1980ին աւարտած է «Հայկազեան» համալսարանը, ուր ստացած է Պսակաւոր արուեստից տիտղոսը, ապա 1982ին՝ Մագիստրոսի տիտղոսը ստացած է Պէյրութի Ամերիկեան համալսարանէն:
Ստանձնած է տնօրէնի պաշտօններ զանազան ընկերութիւններու մօտ: Ապա զբաղած է վաճառականութեամբ: Մինչեւ իր նշանակումը, ան կը վարէր աւագ խորհրդատուի պաշտօն «Սի.Էս.Փի.Էմ» ընկերութեան մօտ:
Վ. Գաւլագեանի գործադաշտը տարածուած է տարբեր երկիրներու մէջ, ինչպէս Ծոցի Արաբական Էմիրութիւններ, Եգիպտոս, Քուէյթ, Նիճերիա եւ Հայաստան, ուսուցանելով առեւտրական վարչագիտութեան առնչուող մասնագիտական նիւթեր:
2004էն ի վեր այցելու դասախօս է Պալամանտ համալսարանէն ներս: Ունի կարգ մը ուսումնասիրութիւններ, ինչպէս՝ «Քաղաքական վտանգի առկայութիւնն ու գնահատումը բազմազգային կազմակերպութիւններու կողմէ», «Համակարգիչներու շուկան Լիբանանի մէջ», «Լիբանանի մէջ ճամբաներու շինութեան ուսումնասիրութիւն» եւայլն:
1993էն ի վեր անդամ է Պէյրութի նաւահանգիստի կալուածային ու ելեւմտական վարչական խորհուրդին:
Հ.Յ.Դ. ընտանիքին միացած է 1978ին, «Զաւարեան» ուսանողական միութեան ճամբով, ուր աշխատած է միութեան հրատարակած «Զաւարեան ռիվիու» պարբերաթերթին: Ապա ստանձնած է պատասխանատու պաշտօններ:
Ամուսնացած է Սեդա Մովսիսեանի հետ եւ ունի երեք մանչ զաւակներ՝ Արա, Հայկ եւ Մհեր: