Լիբանանի նախկին վարչապետ Հասսան Տիապ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ երկրին տագնապը լուծելու միակ ուղին զեղծարարութիւններուն վերջ տալն է` աւելցնելով, որ տնտեսական եւ ելեւմտական քաղաքականութիւնները լաւատեսութիւն չեն յուշեր:
Ան կոչ ուղղեց լիբանանցիներուն՝ իրարու հետ գործակցելու վերապրեցնելու համար Լիբանանը, որ քանդումի ճամբան բռնած է:
Տիապ շեշտեց, որ Լիբանան ենթակայ է վտանգի` ընդգծելով, որ արագ լուծումներու յանգիլը անհրաժեշտութիւն է:
«27 տարիներ շարունակ Կեդրոնական դրամատան մէկ կառավարիչ ունենալը իրականութիւն մըն է, որ չի պատահիր աշխարհի ամէնէն կարեւոր երկիրներուն մէջ: Զարմանալի է նաեւ, որ երկրին իշխող համակարգը կը պնդէ զայն պաշտօնի վրայ պահել` հակառակ ելեւմտական քաղաքականութիւնները մշակելու իմաստով իր գործած հսկայական սխալներուն», ըսաւ Տիապ: