
ՏԵՂԱԿԱՆ
Դիմում Լոզանի Ժողովին
Կիրակի օր, քաղաքիս (Ֆրեզնօ) «Վուտմըն Հոլ»ին մէջ տեղի ունեցաւ համագաղութային մեծ ժողով մը՝ դիմելու Լոզանի ժողովին եւ անկէ արդարութիւն պահանջելու Հայաստանի համար։ Սրահը լեցուած էր խուռն բազմութիւնով մը։ Հարիւրաւորներ ժամերով ոտքի վրայ սպասեցին մինչեւ ժողովի վախճանը։
Ժողովին կը նախագահէր զօր. Անդրանիկ. կ՛ատենապետէր ընկ. Սեդրաքեան։
Ժողովը բացուեցաւ ամերիկեան պաշտօնական երգով՝ «Սթար Սփէնկըլտ Պէնըր»ով, որ գեղեցիկ կերպով երգեց օր. Մէրի Անուշեան, իր քրոջ՝ օր. Վայոլէթ Անուշեանի դաշնակի ընկերակցութեամբ։
Հայերու կողմէ խօսեցան տոքթ. Ճէլալեան, տոքթ. Ս. Թիւֆէնքճեան, պր. Վահէ Հայկ եւ ընկ. Մ. Օզանեան։
Քալիֆորնիոյ նահանգային ծերակուտականներէն պր. Մ. Պ. Հէրիս ցաւ յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգները աւելի գործօն դեր մը չստանձնեց միջազգային խնդիրներու կարգադրութեան մէջ, առանձնապէս Հայաստանի Հանրապետութեան հաստատումի խնդրոյն մէջ։
Պր. Ճէյմս Կէլիկըր ամերիկացի իրլանտանցիրներու քաղաքացիներու կողմէ խօսելով անոնց բարեմաղթութիւնները յայտնեց, ըսելով, թէ իրլանտացիները չեն կրնար սրտանց չհամակրիլ հայ ազատագրական պայքարին, քանի որ իրլանտացիները եւս հարիւրաւոր տարիներով պայքարած են իրենց ազատագրութեան համար։
Ժողովին կողմէ հեռագիր մը ուղղարկուեցաւ Լոզանի ժողովին։
(Յապաւուած)
Դեկտեմբեր 5, 1922, թիւ 911