Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ
Պոլսոյ մէջ անցեալ ամիս պատահած պայթումի առաջին իսկ օրէն հարցումները կուտակուեցան. ո՞վ կանգնած է այս բռնարարքին ետին: Պետական հարուածներու եւ պայթումներու հարուստ բեմագրութիւն ունեցող Թուրքիոյ իշխանութիւնները անշուշտ անմիջապէս քիւրտերը մեղադրեցին, ապա սկսան Միացեալ Նահանգները եւ քանի մը այլ երկիրներ դատապարտել ահաբեկչական արարքներ քաջալերելու յանցանքով: Սակայն, քիչ չէ թիւը անոնց, որոնք կը պնդեն, որ պայթումը թրքական իշխանութիւններու բեմադրութիւնն է: «Նեշնըլ Ինթրեսթ»ի կայքը այս առնչութեամբ հրապարակած է հետեւեալ յօդուածը.
«Մահացու պայթումէն ետք, որուն պատճառով զոհուած էին վեց եւ վիրաւորուած էին աւելի քան ութսուն անձեր, Թուրքիոյ կառավարութիւնը յայտարարեց Ալհամ Ալպաշիրի ձերբակալութեան մասին եւ աշխարհին տեղեկացուց, որ յարձակումը իրականացուցած է սուրիացի արաբ այդ կինը:
Փաստը ո՞ւր է:
Մենք համոզուած ենք, որ այդ դիւրին է ապացուցել: Փողոցներուն մէջ հաստատուած տեսախցիկներէն ստացուած նկարներուն մէջ կ՛երեւի, որ Ալպաշիր տեղադրած է կասկածելի ծրար մը, որ ռումբ եղած է:
Անոր մասին հետագային հրապարակուած տեղեկութիւնները ցոյց կու տային, որ ան մարզուած է սուրիական քրտական կազմակերպութեան՝ Ժողովրդավարական միութիւն կուսակցութեան (ԺՄԿ) կողմէ եւ վերջին տարուան ընթացքին բնակած է Պոլսոյ մէջ:
Ժողովրդավարական միութիւն կուսակցութիւնը կապ ունի Քիւրտիստանի աշխատաւորական կուսակցութեան (ՔԱԿ) հետ: Հետեւաբար, այն գիծը, որուն թրքական կառավարութիւնը կ՛ուզէ, որ հաւատանք, պարզ է. պայթումին համար պատասխանատու էր Ժողովրդավարական միութիւն կուսակցութեան կողմէ պատրաստուած ահաբեկիչը, որ քիւրտերու հետ կապեր ունի:
ՀԱՐՑՈՒՄՆԵՐ՝ ԱՌԱՆՑ ՊԱՏԱՍԽԱՆՆԵՐՈՒ

Թէեւ այս բացատրութիւնը կը գրաւէ բազմաթիւ թուրքեր, սակայն անիկա անպատասխան կը ձգէ շարք մը հարցումներ:
Նախ՝ ահաբեկիչը, որ աւելի քան տարի մը կը բնակէր Թուրքիոյ մէջ, ռումբ տեղադրած է տեսախցիկին առջեւ, այնուհետեւ վերադարձած է իր բնակարանը՝ թոյլ տալով ոստիկաններուն զինք ձերբակալել: Ինչո՞ւ:
Երկրորդ. ի՞նչ կապ կայ անոր սուրիա-արաբական ինքնութեան եւ ԺՄԿին պատկանելուն միջեւ: ԺՄԿն քրտական կազմակերպութիւն է: Որո՞նք են արաբներուն դրդապատճառները, որ ահաբեկչական գործողութիւն կատարեն կազմակերպութեան մը համար, որ երբեք չէ յարձակած Թուրքիոյ վրայ եւ նուիրուած է «Իսլամական պետութիւն» ահաբեկչական կազմակերպութեան դէմ պայքարին:
Երրորդ. ի՞նչ ընդունելի պատճառ կրնայ առաջարկել թրքական կառավարութիւնը յարձակումէն անմիջապէս ետք համացանցը դանդաղեցնելու եւ հասարակական հարթակները սահմանափակելու համար: Անշուշտ քաղաքացիները իրազեկելու համար տեղեկատուութեան ազատ հոսքը պատշաճ ռազմավարութիւն պիտի ըլլար:
Վերջապէս, ՔԱԿը եւ ԺՄԿը հերքած են ահաբեկչական գործողութեան իրենց մասնակցութիւնը: Թէեւ այս կրնայ ակնկալուող արձագանգ ըլլալ ոեւէ կասկածելիի համար, սակայն պէտք է յիշել երկու բան.
Առաջին. ՔԱԿը միշտ ստանձնած է իր կողմէ իրականացուած յարձակումներու պատասխանատուութիւնը, ինչպէս, օրինակ, Մերսինի պայթումը՝ Սեպտեմբեր 2022ին: Յարձակման պատասխանատուութիւնը ստանձնելը նաեւ այն միջոցն է, որմով ահաբեկչական կազմակերպութիւնները կը հասնին իրենց նպատակներուն:
Երկրորդ. ԺՄԿը բնաւ չէ իրականացուցած գործողութիւններ Թուրքիոյ մէջ կամ չէ սպառնացած նման արարքներու դիմել. անիկա Միացեալ Նահանգներու հաւատարիմ գործընկերն է, որ որոշիչ եղած է «Իսլամական պետութիւն» ծայրայեղական հրոսակախումբի ռազմական պարտութեան հարցին մէջ:
ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐՈՒ ԴԱՏԱԽԱԶՈՒԹԻՒՆ
Վերոնշեալ քաղաքականութիւնը Թուրքիոյ կառավարութեան կողմէ Միացեալ Նահանգներու դէմ սլաքը ուղղելու եւ զայն յանցագործի նմանցնելու փորձ է:
Թուրքիոյ ներքին գործոց նախարար Սուլէյման Սոյլու, անդրադառնալով Միացեալ Նահանգներու դեսպանատան ցաւակցական ուղերձին՝ ըսած էր. «Միացեալ Նահանգներէն ցաւակցութիւններ չենք ընդունիր: Գիտենք, թէ հիւսիսային Սուրիոյ մէջ ո՛վ ահաբեկչութեան կ՛աջակցի»:
Բացի այդ, երկրին պատկերասփիւռի հիմնական կայանները կրկնած են Սոյլուի ուղերձը եւ՝ պնդած, որ սարսափելի յարձակումը իրականացուցած է Միացեալ Նահանգներու կողմէ աջակցութիւն վայելող ահաբեկչական ԺՄԿ կազմակերպութիւնը:
Այս բանին նպաստած է ենթադրեալ ահաբեկիչը՝ Նիւ Եորքի մանիշակագոյն մարզական շապիկով լուսանկարները ցուցադրելու աժան մարտավարութիւնը, որ իբր թէ նպատակ ունէր համոզել պատկերասփիւռի թուրք ակնդիրները, որ Միացեալ Նահանգները մասնակցութիւն ունեցած է ահաբեկչական գործողութեան իրականացման:
Մինչ երկրին մէջ ներքին գործոց նախարարը ջանասիրաբար կը մեղադրէր Միացեալ Նահանգները, Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան Քսաններու գերաստիճանի ծիրին մէջ տեսակցեցաւ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի հետ եւ անկէ խնդրեց շարունակել աջակցիլ Թուրքիոյ՝ նոր F-16 կործանիչներ գնելու հարցին մէջ, որ հաւանաբար կ՛օգնէ Թուրքիոյ՝ «ահաբեկչութեան դէմ պայքար»ին մէջ:
ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՈՉ ԱՆԿԵՂԾ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ
Անկարելի է չտեսնել թրքական կառավարութեան ոչ-անկեղծ քաղաքականութիւնը: Անգարա մէկ կողմէ օգնութիւն կը խնդրէ Միացեալ Նահանգներէն՝ ուժեղացնելու իր հակաահաբեկչական պաշտպանութիւնը, իսկ միւս կողմէ՝ զայն կը մեղադրէ Թուրքիոյ դէմ ահաբեկչական յարձակման նպաստելու հարցին մէջ:
Անգարա կ՛ուզէ, որ ամբողջ աշխարհը հաւատայ, թէ յարձակումը իրականացուցած է ԺՄԿը՝ միաժամանակ շարունակելով ընդունիլ Թուրքիոյ մէջ պաղեստինեան «Համաս»ի ներկայացուցիչները եւ հրաժարելով այդ կազմակերպութիւնը իբրեւ ահաբեկչական ճանչնալէ: Այս ուղղակի անընդունելի է, երկակի եւ ոչ անկեղծ:
ԱՅԼԸՆՏՐԱՆՔԱՅԻՆ ԲԱՑԱՏՐՈՒԹԻ՞ՒՆ
Կառավարութիւնը կը փորձէ լռեցնել լրատուամիջոցները, սահմանափակումներ դնել անհատներու եւ լրագրողներու՝ օրինական հարցումներ տալու եւ կեղծ մեղադրանքներ հնչեցնելու կարողութեան վրայ, ուստի խելամիտ կ՛ըլլար հաւատալ այն բացատրութեան, որ ասիկա կեղծ գործողութիւն մըն էր, որ իրականացուած էր իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան կողմէ:
Հասկնալի ըլլալու համար չկայ յստակ ապացոյց:
Պայթումէն քսանչորս ժամ չանցած՝ Թուրքիոյ մէջ յայտնի եւ լայնօրէն մէջբերուող լրատուամիջոցը հրապարակած է յօդուած մը, ուր կը նշուէր, թէ քանի մը հեռաձայնային զրոյց տեղի ունեցած է ենթադրեալ ահաբեկիչին եւ ծայրայեղ աջակողմեան Ազգայնական շարժում կուսակցութեան անդամին միջեւ:
Թուրքիոյ Ազգայնական շարժում կուսակցութիւնը Էրտողանի իշխող մեծամասնութեան համախոհական կառավարութեան գործընկերն է: Ի՞նչ անմեղ բացատրութիւն կրնայ ունենալ Թուրքիոյ կառավարութեան պաշտօնատարը, որ կը խօսի մարդու մը հետ, որ ահաբեկչութիւն պիտի իրականացնէ: Ան յայտնած է, որ ինքնութեան գողութեան զոհ դարձած է, եւ որ՝ իր անունով հեռաձայնային գիծ բացուած է:
Բացի ատկէ, թրքական կառավարութիւնը յայտարարած է ԺՄԿի դէմ կոշտ պատասխանի մտադրութեան մասին՝ նշելով, որ կրնայ ռազմական ներխուժում իրականացնել Սուրիոյ հիւսիսային շրջաններուն մէջ :
Թուրք հանրութիւնը, հասկնալիօրէն վախցած ու զայրացած, կը սպասէ կառավարութեան վճռական պատասխանին:
Թերեւս Էրտողան կրնայ այդ ընել: Քանի մը ամիսէն ան կը փորձէ վերընտրուիլ իր պաշտօնին՝ երկրի պատմութեան ամէնէն վատ անկման ընթացքին, կրնայ կատարեալ ճգնաժամ ստեղծել՝ հասարակութեան ուշադրութիւնը սպառողական սղաճէն շեղելու եւ ահաբեկչութեան դէմ խիստ դիրքորոշում որդեգրելու համար:
ԳՈՐԾԻՉՆԵՐ ՎՃԱՐԱԾ ԵՆ ԿՆՈՋ
Հակասական ապացոյցներու բացակայութեան պարագային, արդեօք չափազանց դժուար չէ՞ պատկերացնել, որ թրքական կառավարութեան հետ առընչութիւն ունեցող գործիչներ վճարած են սուրիացի կնոջ, որպէսզի պարզապէս ծրարը տեղադրէ նախապէս որոշուած վայրին մէջ՝ չգիտնալով, որ ծրարին մէջ ռումբ կայ:
Եթէ ասիկա երեւակայական կը հնչէ, աւելցնենք, որ այս բացատրութիւնը նոյնքան խելամիտ է, որքան՝ կառավարութեան առաջարկած պատմութիւնը:
Հաւանաբար շինծու այս յարձակումը Էրտողանին թոյլ տուած է հեռանալ երկրի տնտեսական հարցերուն վերաբերեալ բացասական խորապատկերէն եւ վերադառնալ իր ուզածին:
Էրտողան այժմ կրնայ ներկայանալ իբրեւ ուժեղ առաջնորդ, որ կրնայ երկիրը պաշտպանել ահաբեկչութենէ:
Մենք պէտք չէ ընդունինք Էրտողանի կառավարութեան խօսքը: Մենք աւելի շատ պատասխաններու կարիք ունինք:
«ԱԶԴԱԿ»