
Բերիոյ Հայոց թեմի Ազգային Երեսփոխանական ժողովի 172րդ նիստը գումարուեցաւ Ուրբաթ, 2 Դեկտեմբեր 2022ի յետմիջօրէին, Ազգային առաջնորդարանի դահլիճին մէջ, թեմի երեսփոխաններու, Ազգային Կրօնական ժողովի, Ազգային վարչութեան եւ հիւրաբար ազգային մարմիններու ատենապետներու ներկայութեամբ` Բերիոյ թեմի նոր առաջնորդի ընտրութեան օրակարգով։
Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը, ընդառաջելով Բերիոյ Հայոց թեմի առաջնորդական ընտրութեան ուղղութեամբ թեմի խնդրանքին՝ պաշտօնագիրով ուղարկեց առաջնորդական ընտրելիներու եռանուն ցանկ մը։ Ժողովը այնուհետեւ ընթերցեց կաթողիկոսարանի պաշտօնագիրը եւ եռանդամ ցանկի միաբաններու կենսագրական գիծերը։
Արդարեւ, փակ քուէարկութեամբ եւ միաձայնութեամբ, Բերիոյ Հայոց թեմի Երեսփոխանական ժողովը Մակար եպս. Աշգարեանը ընտրեց Բերիոյ Հայոց թեմի արժանընտիր գահակալ։
ԴԻՒԱՆ ԲԵՐԻՈՅ ՀԱՅՈՑ ԹԵՄԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ԵՐԵՍՓՈԽԱՆԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎԻ
Հալէպ, 2 Դեկտեմբեր 2022