
ԶԱՒԷՆ ՄԱՐԳԱՐ ԿԷՏԻԿԵԱՆ
(Ծնեալ՝ 10 Նոյեմբեր 1930ին, Լիբանան)
Սրտի դառն կսկիծով կը գուժենք մեր սիրեցեալ հօր, մեծ հօր, մեծ մեծ հօր, եղբօր, հօրեղբօր եւ հարազատին՝ Զաւէն Կէտիկեանի մահը, որ պատահեցաւ Շաբաթ, 26 Նոյեմբեր 2022ին:
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի Երկուշաբթի, 12 Դեկտեմբեր 2022ին, առաւօտեան ժամը 10ին, Էնսինոյի Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ մէջ, 5300 White Oak Ave., ապա թաղումը՝ Hollywood Hills Forest Lawn գերեզմանատան մէջ, 6300 Forest Lawn Dr. Los Angeles, CA 90068
Սգակիրներ՝
Զաւակները՝ Հուրի եւ Րաֆֆի Պէպէքեան եւ զաւակը՝ Սամուէլ
Լենա եւ Վահէ Պօզոյեան եւ զաւակը՝ Նարեկ եւ նշանածը՝ Նորա Գոզանեան
Կրէյս եւ Սերոբ Արսլանեան եւ զաւակները՝ Արամ եւ Շանթ
Մարք եւ Լենա Կէտիկեան եւ զաւակները՝ Քրիստափոր եւ Արէն
Թոռները՝ Թամար եւ Հրանդ Գարկայեան եւ զաւակները՝ Ժէյմս եւ Ժուլիա-Լորի
Նանոր եւ Նարեկ Բարսեղեան
Եղբայրները՝ Յարութ եւ Անի Կէտիկեան եւ զաւակները՝ Ռոժէ, Ռոլանտ եւ Ռոնի՝ իրենց ընտանիքներով
Մերուժան եւ Մարի Կէտիկեան եւ զաւակները՝ Լուսի, Տորի եւ Տիանա՝ իրենց ընտանիքներով
Եղբօր զաւակները՝ Մարք եւ Հուրի Կէտիկեան եւ զաւակները
Րաֆֆի եւ Տինա Կէտիկեան եւ զաւակները
Ժերմէն Կէտիկեան
Ռոպէր եւ Լինտա Կէտիկեան
Քենիները՝ Անի Պետրոսեան եւ զաւակները
Սօսի Արմուտճեան եւ զաւակները
Խնամին՝ Շաքէ Պէպէքեան եւ զաւակները
Զուարդ Արսլանեան եւ զաւակները
Մատլէն Պճաքճեան եւ զաւակները
Եւ համայն Կէտիկեան, Կարպուշեան, Արմուտճեան, Պէպէքեան, Պօզոյեան, Արսլանեան, Պետրոսեան, Ֆարահեան, Պչաքճեան, Գարկայեան, Բարսեղեան, Գոզանեան ընտանիքները, հարազատները եւ բարեկամները
Փոխան ծաղկեպսակի, նուիրատուութիւնները կը խնդրուի կատարել Հայաշէնի Սուրբ Կարապետ եկեղեցւոյ (Լիբանան) եւ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց Թեմի Առաջնորդարանի ազգային վարժարաններու, Հայկական նիւթերու ուսուցիչներու պստրաստութեան հիմնադրամին (checks payable to: Western Prelacy, Armenian Subject Teachers Fund)։
***
ԶԱՒԷՆ ՄԱՐԳԱՐ ԿԷՏԻԿԵԱՆի մահուան տխուր առիթով, ՀՅԴ «Ահարոնեան» կոմիտէութեան ընկեր-ընկերուհիները իրենց խորազգաց ցաւակցութիւնները կը յայտնեն հանգուցեալի դստեր եւ փեսային՝ իրենց ընկեր-ընկերուհիներէն Լենա եւ Վահէ Պօզոյեաններուն, ընտանեկան պարագաներուն եւ համայն հարազատներուն։
ԶԱՒԷՆ ՄԱՐԳԱՐ ԿԷՏԻԿԵԱՆի մահուան տխուր առիթով, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը իր խորազգաց ցաւակցութիւնները կը յայտնէ հանգուցեալի դստեր՝ իրենց յանձնախումբի անդամուհիներէն Լենա Պօզոյեանին, ընտանեկան պարագաներուն եւ համայն հարազատներուն։
ԶԱՒԷՆ ՄԱՐԳԱՐ ԿԷՏԻԿԵԱՆի մահուան տխուր առիթով, ՀՕՄի Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային վարչութիւնը, Ընկերային ծառայութիւններու գրասենեակի եւ Հոգեբանական կեդրոնի տնօրէնութիւններն ու պաշտօնէութիւնը իրենց խորազգաց ցաւակցութիւնները կը յայտնեն հանգուցեալի դստեր՝ ՀՕՄի Շրջանային վարչութեան նախկին անդամուհիներէն Լենա Պօզոյեանին, ընտանեկան պարագաներուն եւ համայն հարազատներուն։
ԶԱՒԷՆ ՄԱՐԳԱՐ ԿԷՏԻԿԵԱՆի մահուան տխուր առիթով, ՀՕՄի «Սիփան» մասնաճիւղի վարչութիւնը եւ անդամուհիները իրենց խորազգաց ցաւակցութիւնները կը յայտնեն հանգուցեալի դստեր՝ իրենց անդամուհիներէն Լենա Պօզոյեանին, ընտանեկան պարագաներուն եւ համայն հարազատներուն։