



Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը հաղորդէ, թէ Չորեքշաբթի օր տեղի ունեցած Հայաստանի եւ Ռուսիոյ մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպանի պաշտօններուն թեկնածուներուն հարցաքննութեան ընթացքին, ծերակուտականներ Պապ Մենենտեզ եւ Քրիս Վան Հոլըն շեշտեցին, թէ Ուաշինկթըն պէտք է Պաքուն պատասխանատուութեան կանչէ Արցախի եւ Ատրպէյճանի մէջ իր գործած պատերազմական ոճիրներուն համար։
Ներկայիս, Հայաստանի մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպանի պաշտօնը վարող եւ Ռուսիոյ մօտ դեսպանի պաշտօնին թեկնածուն Լին Թրէյսիին ուղղելով իր խօսքը՝ Ծերակոյտի Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի ատենապետ Մենենտեզ խստօրէն դատապարտեց այն իրողութիւնը, որ արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնատարները վերջերս խուսափած էին պատասխանելէ հայ զինուորներու դէմ ատրպէյճանցիներու բարբարոսական արարքները ցոյց տուող տեսանիւթերուն մասին հարցումներուն եւ շեշտեց, թէ ամերիկայի դեսպանները պէտք է լրջութեամբ հետապնդեն մարդկային իրաւանց նման ահաւոր ոտնակոխումներ։
Հայաստանի մօտ Միացեալ Նահանգներու նոր դեսպանի պաշտօնին թեկնածու Քրիսթինա Քվինի հարցաքննութեան ընթացքին, թեկնածուն խոստացաւ իր առաւելագոյնը ընել՝ օժանդակելու համար հակահայ բարբարոսութիւնները հետապնդելու հայկական կողմի ջանքերուն, սակայն Մենենտեզ շեշտեց, թէ պէտք չէ սպասել հայկական կողմին խնդրանքներուն, այլ պէտք է անմիջապէս քայլերու դիմել, հաստատելու եւ դատապարտելու համար այդ ոճիրները։
Քվին ընդունեց ոճրագործները պատասխանատուութեան կանչելու կարեւորութիւնը, իսկ Մենենտեզ շեշտեց հետեւեալը. «Առանց պատասխանատուութեան, արդարութիւն չըլլար»։
Մերիլենտէն ծերակուտական Քրիս Վան Հոլըն եւս շեշտեց ոճրագործները պատասխանատուութեան կանչելու կարեւորութիւնը, որպէսզի նման ոճիրներ չշարունակուին անպատիժ մնալ։ Ան եւս ցաւ յայտնեց, որ հակառակ գոյութիւն ունեցող փաստերուն, արտաքին գործոց նախարարութիւնը ցարդ յստակօրէն չէ դատապարտած ատրպէյճանական բարբարոսութիւնները։
Նշենք, որ Մենենտեզ նաեւ շեշտեց ատրպէյճանական յարձակումներուն ընթացքին տեղահանուած մօտաւորապէս 100,000 արցախցիներուն ամերիկեան աջակցութիւն ապահովելու կարեւորութիւնը եւ ողջունեց այն իրողութիւնը, որ Քվին արդէն իսկ Հայոց Ցեղասպանութիւնը իր ճշգրիտ անունով կը կոչէ։
Յիշեցնենք, որ Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը շաբաթասկիզբը կոչ ըրաւ Ծերակոյտի Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի անդամներուն, որ Հայաստանը եւ հայութիւնը մտահոգող հարցերու կապակցութեամբ յստակ պատասխաններ պահանջեն Հայաստանի մօտ նոր դեսպանի պաշտօնին թեկնածու Քվինէն:
Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Արամ Համբարեան շեշտեց, թէ յատկապէս Հայաստանին եւ Արցախին ապահովական եւ բարեսիրական աջակցութիւններ ապահովելու գծով դեսպանին տեսակէտը լսելը յոյժ կարեւոր է՝ յոյս յայտնելով, որ նոր դեսպանին պաշտօնավարութեան շրջանին Ամերիկա-Հայաստան յարաբերութիւնները կարելի կ՛ըլլայ աւելիով սերտացնել:
Եթէ Քվինի թեկնածութիւնը հաստատուի, ան պիտի փոխարինէ Թրէյսին, որ Փետրուար 2019էն ի վեր կը վարէ այդ պաշտօնը:
Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն Յուլիսին Հայաստանի մօտ Միացեալ Նահանգներու նոր դեսպանի պաշտօնին համար առաջարկեց Քվինի թեկնածութիւնը:
Քվին 2019էն մինչ օրս Ուքրանիոյ մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպանի պաշտօնակատարն է: 2016էն Ապրիլ 2019 եղած է Փարիզի մօտ Միացեալ Նահանգներու փոխդեսպանի պաշտօնակատար եւ դեսպանատան տնտեսական հարցերու խորհրդական: Դիւանագիտական ծառայութեան ընթացքին, ան զանազան պաշտօններ վարած է՝ Թայլենտի, Մեծն Բրիտանիոյ, Եւրոպական Միութեան, Ռուսիոյ եւ Ֆիլիփինի մօտ Միացեալ Նահանգներու դիւանագիտական առաքելութիւններ ստանձնելով: Ան նաեւ եղած է Միացեալ Նահանգներու Ազգային Ապահովութեան խորհուրդի Եւրոպական Միութեան, Ուքրանիոյ եւ Պելոռուսի հարցերու տնօրէն: Քալիֆորնիա ծնած դիւանագէտը ունի քաղաքագիտութեան պսակաւոր արուեստից եւ ռազմավարական հետազօտութիւններու մագիստրոսի վկայականները: