Աշխարհի տարածքին հայկական շրջանները լուսարձակի տակ պահող ֆրանսահայ Ռուբէն Քուլքսըզեան ըստ երեւոյթին դարձեալ Լոս Անճելըս կ՛այցելէ եւ 6 Նոյեմբերին վերի նկարին տակ գրառում մը կատարեց՝ ուրախութիւն յայտնելով, որ Լոս Անճելըսի Կեդրոնական գրադարանին մէջ կը ցուցադրուին նաեւ հայկական պարբերաթերթեր։
Յիշեցնենք, որ 2020ին Քուլքսըզեանի հեղինակած «Փոքրիկ Հայաստաններ» հատորը ֆրանսերէնէն անգլերէնի թարգմանուած էր «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան Հայկական բաժանմունքին աջակցութեամբ։ Հատորին մէջ տեղ գտած են հետաքրքրական տեղեկութիւններ Աշխարհի 101 երկիրներու մէջ գտնուող հայկական թաղամասերու եւ համայնքներու մասին։
«Little Armenias: The Travel Guide of the Armenian Diaspora» հատորէն օրինակ մը ապահովելու կամ յաւելեալ տեղեկութիւններու համար այցելել www.littlearmenias.com կայքը։