
Թուրքիոյ «Այրընթը» հրատարակչութիւնը լոյս ընծայած է Քազըմ Կիւնտողանի «Ալաուիաց(ու)ած Հայերը. Մենք Ենթակայ Ենք Քրիստոսին, Պարտական՝ Ալիին» վերնագիրով գիրքը, կը գրէ «Ակունք»ը՝ հիմնուելով «Այրընթը»ի տարածած հաղորդագրութեան վրայ։
Ըստ աղբիւրին՝ 528 էջերէ բաղկացած սոյն հատորը կազմուած է 3 հիմնական բաժիններէ։
Գիրքը գրելու համար, Կիւնտողան հարցազրոյցներ ունեցած է 72 ալաուացուած հայերու եւ ուրիշներու հետ, ինչպէս նաեւ ուսումնասիրած է Հայոց Ցեղասպանութենէն առաջ Տերսիմի հայութեան բնակավայրերուն եւ թիւին վերաբերող հիմնահարցերը։
Կիւնտողան յայտնի է նաեւ «Քահանայի Թոռները» գիրքով, որ նոյնպէս հրատարակուած էր «Այրընթը» հրատարակչատան կողմէն։