ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Ազգային ժողովը Հոկտեմբեր 13ին փակ եւ գաղտնի քուէարկութեամբ ընթացք տուաւ պատգամաւոր Յակոբ Ռաֆիկի Յակոբեանը մեղադրեալ նկատելու գլխաւոր դատախազի պահանջին: Քուէարկութեան մասնակցեցան 84 պատգամաւորներ, որոնցմէ 56ը կողմ էին, 22ը դէմ, իսկ 6 քուէաթերթիկ անվաւեր նկատուեցաւ:
Մինչ քուէարկութիւնը, հարցի վերաբերեալ իրենց տեսակէտները յայտնեցին ԱԺ խմբակցութիւնները: ՄԱԿ խմբակցութեան ղեկավար Գուրգէն Արսէնեան եւ «Արդարութիւն» խմբակցութեան քարտուղար Գրիգոր Յարութիւնեան յայտարարեցին, որ իրենց խմբակցութիւնները ազատ քուէարկութիւն պիտի կատարեն: «Ազգային միաբանութիւն» խմբակցութեան ղեկավար Արտաշէս Գեղամեան յայտարարեց, որ պիտի չմասնակցին քուէարկութեան:
Հ.Յ.Դ. խմբակցութեան անդամ Արմէն Ռուստամեան նշեց, որ Հ.Յ.Դ.ի դիրքորոշումը նման հարցերու պարագային անփոփոխ է եւ պայմանաւորուած է պատգամաւորական անձեռնմխելիութեան սահմանափակման վերաբերեալ իրենց մշտական պնդումներով եւ թէ խորհրդարանը իրաւունք չունի խոչընդոտելու արդարադատութիւնը: ԱԺ նախագահ Տիգրան Թորոսեան իր ելոյթով ընդգծեց, որ դատախազութիւնը կը ցանկայ կատարել ամբողջական քննութիւն եւ ԱԺը այդ հնարաւորութիւնը չտալու որեւէ հիմք չունի:
«Օրինաց երկիր» խմբակցութեան եւ «Ժողպատգամաւոր» խումբի ներկայացուցիչները լրագրողներուն նշեցին, որ իրենք եւս իրենց անդամներուն ազատ քուէարկութեան իրաւունք տուած են:
Եզրափակիչ խօսքով ելոյթ ունեցաւ նաեւ պատգամաւոր Յակոբ Ռաֆիկի Յակոբեան: Ան չընդունեց իրեն առաջադրուած մեղադրանքը՝ նշելով, որ յայտնի միջադէպի պատճառ եղած են կազաբաշխիչ կայանը պահպանող ծառայութեան կողմէ պարբերաբար կազի անջատումները եւ տեղի ունեցած է ծեծկռտուքը: Իր խօսքով, խուլիգանական արարք չէ եղած, այլ պարզապէս եղած է «տղայական կռիւ»: Անդրադառնալով զինք տնտեսական յանցանքներով մեղադրելու հարցին, Յակոբեան նշեց, որ կը խօսուի 1991էն ասդին կատարուած դէպքերու մասին, երբ ինք պատգամաւոր չէր, եւ իրաւապահները կրնային հետապնդում կատարել այդ ժամանակ:
Ան անհաւանական գտաւ, որ միջադէպը քաղաքական ենթաթեքսթ ունի եւ աւելցուց, որ Ազգ. ապահովութեան ծառայութեան պետական պահպանութեան վարչութեան պետ Գրիգորի Սարգիսեանը իր ընկերն է եւ երբեք կապ չունի այս բոլորին հետ: Ան դժգոհութիւն յայտնեց նաեւ մեկուսարանին մէջ անցուցած 72 ժամերուն կապակցութեամբ, նշելով, որ խախտուած են իր իրաւունքները եւ փաստաբան չէ տրամադրուած:
Գլխաւոր դատախազը սակայն նշեց, որ պատգամաւորը ունեցած է փաստաբան, նոյնիսկ դիմած է 2րդի մը համար: Ինչ կը վերաբերի տնտեսական յանցագործութիւններուն, ապա ըստ գլխաւոր դատախազի, թէեւ դէպքերը արձանագրուած են 1991էն ի վեր, սակայն բացայայտումը սկսած է 2000էն մինչեւ օրս: Դատախազը հերքեց նաեւ պարբերաբար կազազրկման փաստը եւ պնդեց Յակոբեանը մեղադրեալ նկատելու իր օրինական պահանջը: