Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութենէն «Ազատութեան» յայտնեցին, որ Ատրպէյճան հայկական կողմին փոխանցեց 10 զինուորական ծառայողներու մարմիններ: Այլ մանրամասնութիւններ չհաղորդուեցան:
Պաշտօնական տուեալով՝ Սեպտեմբերի երկօրեայ մարտերուն իբրեւ արդիւնք անհետ կորսուած կը նկատուին 29 անձեր: 25 Հոկտեմբերին, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան «Թուիթըր»ի վրայ գրառումով մը պնդեց, որ Պաքուն կը խոչընդոտէ որոնողական աշխատանքները: