Թուրքիոյ Անթալիա քաղաքին մէջ տեղի ունեցած հաշմանդամներու աշխարհի բազկամարտի ախոյեանութեան իր մասնակցութիւնը բերած Հայաստանի հաշմանդամներու մարմնակրթութեան դաշնակցութեան հաւաքականը տիրացաւ 8 մետալներու (4 ոսկի եւ 4 պրոնզ):
Աշխարհի ախոյեանի կոչման արժանացան Նայիրա Մեսրոպեան եւ Մարինէ Մկրտչեան, որոնք տիրացան երկուքական ոսկի մետալներու:
Իսկ պրոնզէ մետալակիր դարձան Ալեքսանտր Մովսիսեան (երկու մետալներ), Շահէն Բաբայեան եւ Սարգիս Յարութիւնեան:
Հայաստանի հաւաքականի կազմին մէջ ընդգրկուած էին 8 մարզիկներ (չորս տղաք եւ չորս աղջիկներ), որոնցմէ երկուքը` զինուորական հաշմանդամներ: