Ռուսիոյ Տումայի ԱՊՀ հարցերու յանձնաժողովի առաջին փոխնախագահ Քոնսթանթին Զատուլինի Հայաստան այցելութիւնը անցանկալի է. Հայաստանի Ազգային ժողովէն հաստատեցին, որ իրենք այդ բովանդակութեամբ նամակ ուղարկած են Հայաստանի իշխանութիւնները քննադատող ռուս պատգամաւորին:
Զատուլին «Թելեկրամ»ի իր ալիքին վրայ 25 Հոկտեմբերին հրապարակեց Հայաստանի խորհրդարանի պաշտօնական գրութիւնը, որուն մէջ նաեւ ընդհանրական ձեւակերպումով կը նշուի, թէ ինչո՛ւ անցանկալի է անոր այցելութիւնը:
«Հայաստանի Ազգային ժողովի ղեկավարութեան անունից յայտնում ենք, որ, ցաւօք, Հայաստանի Հանրապետութեան մասին վերջին շրջանի ձեր յայտարարութիւնները վնասում են մեր պետութիւնների բարեկամական եւ դաշնակցային յարաբերութիւնների զարգացմանը: Սրանով պայմանաւորուած, ապագայում ձեր այցը Հայաստանի Հանրապետութիւն համարւում է անցանկալի», կ՛ըսուի երեսփոխանին ուղղուած նամակին մէջ:
Զատուլին Երեւանի մէջ պիտի մասնակցէր ռուս եւ հայ գործիչներու «Լազարեւեան ակումբ»ի նիստին:
Իշխանական պատգամաւոր, վարչապետի ընտանիքի անդամ Հրաչեայ Յակոբեան «Ազատութեան» հետ զրոյցի մը այս մասին յստակ բան չըսաւ, բայց շեշտեց, որ անընդունելի են օտար քաղաքական գործիչին Հայաստանի ներքաղաքական կեանքին վերաբերող յայտարարութիւնները: «Ինչո՞ւ մենք պէտք է թոյլ տանք, որ որեւէ օտար երկրի քաղաքացի, առաւել եւս պաշտօնեայ, ինչ-որ ձեւով միջամտի եւ խառնուի մեր ներքաղաքական կեանքին, մեր ներքաղաքական գործերին», ըսաւ ան:
Զատուլինի այցելութեան արգելքին մասին գրած «Հայկական Ժամանակ» թերթը նաեւ նշեց, թէ Զատուլին բազմիցս մեղադրած է գործող իշխանութիւնը՝ 44օրեայ պատերազմի պարտութեան համար, խառնուած է ներքաղաքական կեանքին, պահանջած է Փաշինեանի հրաժարականը: Ռուս պատգամաւորը շուրջ երկու շաբաթ առաջ ալ «Երկիր Մեդիա»ին տուած հարցազրոյցին ընթացքին Փաշինեանը մեղադրած էր՝ Ատրպէյճանին միջանցք տրամադրելու փաստաթուղթ ստորագրելուն մէջ: Խօսքը 9 Նոյեմբերի եռակողմ յայտարարութեան մասին է:
«Ինչո՞ւ ան եւ հայերը այդ հարցը կը հասցէագրեն Ռուսիոյ: Ձեր վարչապետը ստորագրած է այդպիսի պայմանագիր մը», նշած էր ան:
Հրաչեայ Յակոբեան այս բոլորէն ետք տեղին նկատեց Ազգային ժողովի արձագանգը: «Եթէ այլ երկրի քաղաքական գործիչն, այսպէս ասած, միջամտում է մեր ներքին քաղաքական կեանքին եւ անում է յայտարարութիւններ, օրինակ, որ պէտք է վարչապետը հրաժարական տա կամ այլ ներքաղաքական հարցերի է միջամտում, կարծում եմ, որ այս քայլը սպասելի էր եւ տեղին», ըսած էր ան:
Զատուլին «Թելեկրամ»ի իր էջին վրայ գրած է, որ իրեն համար վիրաւորական եւ անսպասելի էր Հայաստանի Ազգային ժողովի արձագանգը։ Ան համոզուած է, որ այդ քայլը կը վկայէ Հայաստանի իշխանութիւններու նոր ընթացքին մասին:
Correct or Incorrect, Russia 290 years imposed strict domination
on Armenia, trying to close schools, taking over Armenian Churches,
turning Russian 1905, punishing Khrimian Hairig Catholicos refusal,
starting Baku fightings , same Nikola Tsar ,1914 was asking “brotherly”
Armenians helping him WW1; BUT, when occupying without strong
resistance up to Sassoon 1915,by retreat back, allowed Ottomans
genocide 400,000 persons. Russia Was and Is *anti Armenian*, NOT
GIVING SMALLEST CHANCE TO BE A LITTLE BIT FREE, CONSIDERING
AS SELLING HERD, UNTIL TODAY, BY IMPOSING AND BLACKMAILING
THEIR WILL, BY HUGE NUMBER KGB AGENTS ON EVERY SECTOR OF
GOVERNMENT. EVERY VISIT INTENTION IS PLANED, THEIR DOMINATION
BY NEW KIND OF LYING “MORPHINE”, FOR EXTENSION.