Իրանի հիւսիս-արեւմտեան Արեւմտեան Ատրպէյճան նահանգին մէջ Իսրայէլի գաղտնի սպասարկութեան՝ «Մոսատ»ի, հետ կապ ունեցող 10 անձեր ձերբակալուեցան, հաղորդեց իրանեան «Ֆարս» լրատու գործակալութիւնը:
Լրատու գործակալութիւնը յայտնեց, որ ձերբակալուած անձերը ուղղակի կապ հաստատած են «Մոսատ»էն սպայի մը հետ եւ Արեւմտեան Ատրպէյճանի, Թեհրանի եւ Հարմազղանի մէջ գործած են:
Ձերբակալուած անձերը իրանեան ապահովական մարմիններուն առնչակից անձերու ինքնաշարժներ եւ բնակարաններ հրկիզած են: