ԳՐԻԳՈՐ ԱՐՔ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ
Մտահոգութիւնները ամէնէն սովորական երեւոյթները դարձեր են մերօրեայ կեանքին: Հանգստաւէտ պայմաններու մէջ ապրողներէն սկսեալ մինչեւ իր օրապահիկը հազիւ վաստակող մարդը, բազմապիսի մտահոգութիւններ ունին: Սակայն տիրապետող գաղափարը այն է, թէ ան որ հարուստ է, կամ գէթ բաւականաչափ դրամ ունի, մտահոգութիւն չ՛ունենար: Ուրիշ խօսքով, մտահոգութիւնները եթէ քամիչի մը բովէն անցընենք, պէտք է անոր մէջ մնան միայն նիւթականի հետ առնչութիւն ունեցող տեսակները…: Որքա՜ն ծիծաղելի եզրայանգում, որ միայն տգէտ խաւի ուղեղին մէջ կրնայ ծնունդ առնել:
Ներկայ դարուս, մարդոց ապրած առօրեայ մտահոգութիւնները այնքան բազմատեսակ են, որ կարելի չէ՛ նոյնիսկ զանոնք խմբաւորման ենթարկել: Պատճառը այն է, որ մարդկութեան հաւաքական կեանքի ոճը փոխուած է: Անցեալին եթէ սահմանափակ շրջապատ ունէին մարդիկ, այսինքն իրենց ընտանիքը, հարազատներու խաւը եւ որոշ չափով աւելի ընդարձակ բարեկամական շրջանակը, հիմա անկարելի է սահմաններ գծել. ծանօթն ու անծանօթը, գործընկերն ու մրցակիցը, հարուածողը եւ վշտակիցը իրարու միախառնուած անկանոն պատկեր մը կը ներկայացնեն: Երանի՜ թէ կարելի ըլլար այս խճանկարին մէջ տեսարան մը ուրուագծել: Այդ մէկը անկարելի է, որովհետեւ օգտագործուած նիւթը բազմագոյն ըլլալով հանդերձ, միատեսակ չէ…:
Մարդկային փորձառութիւնները այնքան խօսուն են այս առումով, որ պէտք է օգտուիլ անոնցմէ: Ոմանք արդէն զզուած են ուրիշներու ցաւին եւ տառապանքին ականջ տալէ: Նոյնիսկ համայնքային կեանքին մէջ, պատասխանատու մարդիկ յոգնած են իրենց ուսերուն դրուած հաշտարարի դերակատարութենէն, որ երբեմն ժամեր կը խլէ իրենց կեանքէն: Անոնցմէ ոմանք դատական նիստերէ դուրս գալէ ետք, ափերու մէջ առնելով իրենց գլուխը, բարձրաձայնած են. «Կարծես իմ ունեցած ցաւս բաւարար չէ ինծի…»: Այո՛, իրաւունք ունին անոնք, որովհետեւ այսօր ո՞վ մտահոգութիւն չունի:
Մտահոգութիւններու բազմազան ըլլալուն մասին ակնարկեցինք արդէն, սակայն աւելի յստակ ըլլալու համար՝ ըսենք, որ այսօր գրեթէ կարելի չէ զանոնք իրարմէ բաժնելը: Ամուսնական հաւատարմութեան մը խնդիրը, երբեմն սոսկ անհաւատարմութիւն չէ, այլ նիւթական հարցի մը հետ անմիջական աղերս ունեցող պարագայ մը: Դժուարութիւնը հոն է, որ իրարու հետ առնչութիւն ունեցող հարցերէն միայն մէկը կամ երկուքը բացայայտ կ՛երեւին «ջուրին երեսը», իսկ երրորդը, եւ երբեմն մինչեւ տասներորդը՝ թերեւս ամէնէն կարեւորը, թաքնուած կը մնան «ջուրին յատակը»:
Մարդկային կեանքը փորձագէտներու կողմէ յաճախ նմանցուած է ալեկոծ ծովու, որ ցարդ անհաշիւ նաւաստիներ, նաւավարներ եւ քաջ լողորդներ կուլ տուած է, երբեմն միայն անոնց անկենդան մարմինները ափ փսխելու ողորմածութիւնը ցուցաբերելով: Այդ մարդոց քաջութիւնը կը կայանար ինքավստահութեան մէջ, որ զիրենք յառաջ կը մղէր, անվեհեր նաւելու, կամ ալիքները ճեղքելու: Բոլորին նպատակն էր տեղ հասնիլ, միւս ափը հասնիլ, ուրիշ խօսքով՝ յաջողիլ: Որո՞նք յաջողած են ցարդ, եթէ ոչ անոնք, որոնք շա՛տ ինքնավստահ էին, այսինքն յաջողութիւնը իրենց նպատակակէտը դարձուցած էին: Ժողովրդային իմաստութիւնը կ՛ըսէ. «Կան որոշ ճամբաներ, որոնք առանձինդ կրնաս յաջողցնել. ո՛չ ընտանիք, ո՛չ հարազատներ, ո՛չ ընկերներ, այլ միայն Աստուած եւ դուն»: Ուրեմն, Աստուծոյ ապաւինած մարդը, անպայմա՛ն կրնայ ճեղքել նոյնիսկ ամէնէն ամեհի ալիքները այս կեանքի դժուարութիւններուն:
Մտահոգութիւնը կը մնա՛յ սակայն: Դժուարութիւնները յաղթահարել չի՛ նշանակեր մտահոգութիւններու չենթարկուիլ, կամ անոնց քուրայէն չանցնիլ: Ինքնավստահութիւնը աղօթքի միջոցաւ ձեռք բերելէ, եւ կամքի միջոցաւ ամրապնդելէ ետք, մարդուն կը մնայ քաջութիւն կիրարկել եւ յառաջ նետուիլ: Նոյնիսկ դժուարութիւններու յաղթահարման միջոցին, մտահոգութիւնները կրնան տառապանքի կաթիլներու նման հաւասար կթումներով կաթիլ մեր ուղեղին մէջ, տանջանքի պատճառ հանդիսանալով:
Տառապանքի մէջ դիմադրողականութեան երեւումը ունի իր գլխաւոր պատճառը, որ հաւատքի եւ կամքի արմատներուն խորութիւնն է: Փոթորիկէ անցած անտառի մը յուսահատեցուցիչ պատկերը լաւագոյն օրինակը կրնայ հանդիսանալ, այս մասին գաղափար չունեցողին: Ծառ ու տուն, գերան ու կտուր, պատուհան ու դուռ աղացած փոթորիկէ մը ետք երբ ընդհանուր հայեացք նետես տեսարանին վրայ, մարդու ձեռքով շինուածներուն ջարդուած ըլլալը տեսնելէ յետոյ, պիտի նշմարես նաեւ ծառեր, որոնք արմատախիլ եղած, ու հեռացած են իրենց բուսած փոսէն: Սակայն, պիտի նշմարես նաեւ ծառեր, որոնք դիմադրած են փոթորիկին, կանգուն մնալով իրենց տեղը: Վստահաբար անոնք ալ մինչեւ իրենց մէջքը խոնարհեցան, աջ ու ձախ ծռեցին իրենց գլուխը ահեղ փոթորիկի պահուն, սակայն հիմա նախկին դիրքով կանգնած են, հպարտ ու առինքնող: Այս ծառերը նման են դժուարութիւններէ անցած մարդոց, որոնք մտահոգութիւններ ունեցան, տագնապներ ապրեցան, փոթորիկի ապտակները զգացին իրենց երեսներուն, սակայն դիմացան…:
Կեանքի ընթացքին շատ տառապած, բայց ի վերջոյ Աստուծոյ վրայ ունեցած մեծ հաւատքով ու ինքնավստահութեամբ զօրացած եւ յաղթանակած անձ մը, անկեղծօրէն ըսաւ. «Բարձի՛ս հարցուր, թէ ինչքա՜ն մտահոգութիւններ ապրած եւ անքուն գիշերներ անցուցած եմ»: Մտերմիկ զրոյցը շատ աւելի մանրամասնեց այն դժուարութիւնները, որոնց կէսին թերեւս ուրիշներ լսելով՝ չդիմանային, սակայն իր բարձը դիմացեր էր: Զգացական ամէնէն դժուարին պահերուն, երբ արցունքներ հոսեր էին աչքերէն, դարձեալ բարձն էր զանոնք ծծողը եւ մինչեւ առաւօտ անհետացնողը. «Որքա՜ն զգացումներ կան բարձիս մէջ ամբարուած», կ՛ըսէր ան, ուղղակի զգալով այն բոցը, որ իր սիրտը այրած էր անցեալին:
«Բարձի՛ս հարցուր» պարզ արտայայտութիւնը վերոյիշեալ մարդուն, ինչքա՜ն վիշտ ունէր իր մէջ: Անոր այս կարճ ու ամփոփ խօսքը տառապանքի վիհ մըն էր, որուն յատակը չէր երեւեր…։
«Բարձի՛ս հարցուր» խօսքը նաեւ յիշեցում մըն է մեզմէ իւրաքանչիւրին, որ ցաւը որքան ալ ամոքուի, իր հետքը անպայման կը թողու մեր հոգիի հայելիին վրայ: Միշտ ըսուած է, որ սիրտը բիւրեղեայ իրի նման է. փշրուելէն ետք երբ նոյնիսկ կարելի ըլլայ հաւաքել ու իրարու փակցնել անոր տարտղուած մասնիկները, կոտրուածքներուն տեղերը անպայման պիտի երեւին…։ Ցաւը, վիշտը եւ նեղութիւնը սպիացող, սակայն հետք թողող վէրքերու նման են, իսկ զանոնք քերթելն ու արտաքին կեղեւը բանալը, զանոնք դարձեալ պիտի արիւնեն, վերադարձնելով նախկին տեսքին:
Ցաւէն, վիշտէն ու նեղութենէն կը տարբերի միայն մտահոգութիւնը, որ շուտով կը մոռցուի, եթէ իր տեղը չտայ նոր մտահոգութեան մը: Ըսինք արդէն, որ ներկայ աշխարհը բազմապիսի մտահոգութիւններու հանք մըն է, որ անընդհատ մտահոգութիւններ կ՛արտադրէ եւ կը ցրուէ մարդկութեան կեանքին մէջ: Երանի՜ թէ միայն դրական մտահոգութիւններ ըլլային ատոնք՝ ինչպէս զաւակներու ապագայ առողջ դաստիարակութեան համար թափուած սեփական ջանքը, աւելի աստուածապաշտ ու եկեղեցասէր յետնորդներ ունենալու ճիգ չխնայելու մտահոգութիւնը, եւ այլ դրական տեսակները անոնց: Այս մասին ալ կ՛արժէ մեր «բարձին հարցնել»: