Անցեալ Սեպտեմբեր ամսուան ընթացքին, Համազգայինի Նիւ Ճըրզիի «Լեւոն Շանթ» թատերախումբը ներկայացուց Ուիլեըմ Շէյքսփիրի «Տասներկրորդ Գիշեր» կատակերգութիւնը՝ բեմադրութեամբ Վարդան Գառնիկիի։
Թատերախումբը հմտութեամբ եւ անթերի կատարումով ներկայացուց թատերախաղը, որ կը համարուի Շէյքսփիրի ամէնէն հիասքանչ եւ ուրախ սիրային խաղերէն մէկը։
Բեմադրիչը եւ դերասանները 2019ին սկսած էին աշխատիլ այս թատերախաղին վրայ, բայց համաճարակին պատճառով, փորձերը դանդաղեցան, սակայն երբեք կանգ չառին։ Մինչ երկիրը եւ ամբողջ աշխարհը ամիսներով մեկուսացման մէջ մտան, դերասանները շարունակեցին փորձերը իրենց տուներէն տեսահաղորդակցութեան միջոցաւ։
Առաւել քան չորս հարիւր տարուան կեանք ունեցող այս թատերախաղը նոր շունչ առաւ շնորհիւ Պարոն Վարդանի ստեղծագործ երեւակայութեան, ու առանց իր ինքնութենէն բան զիչելու, դարձաւ քսանմէկերորդ դարու վայել ներկայացում մը։ Բեմադրիչը կրցաւ ստեղծել զուարճալի ու հաճելի պատկերներ, որոնք թատրեախաղը դարձուցին հետաքրքրական, հանդիսատեսը պահեցին ներգրաւուած ու դերասաններուն առիթը ստեղծեցին իրենց շնոհքները արտայատելու։
Այս թատերախաղին իրենց մասնակցութիւնը բերին խումբ մը դերասաններ, իրարմէ տարբեր փորձառութեան մակարդակներով. անոնք բեմադրիչի երկարաշունչ եւ բծախնդիր աշխատանքով շատ լաւ միաձուլուած էին։ Հոն տեսանք Յարութ Թագւորեանը, որ Նիւ Ճըրզիի հանդիստատեսին համար շատ ծանօթ եւ փնտռուած դէմք մըն է։ Ան իր փորձառութեամբ վստահօրէն կը տիրապետէր բեմին եւ դերին ու իր հեզասահ խաղարկութեամբ ամբողջ դերասանական կազմին լարուածութիւնը կը փարատէր։ Շատ հաճելի էին Յարութ Թագւորեանի եւ Արմէն Պօղոսեանի երկխօսութիւնները, որոնք թատերախաղին ամէնէն զուարճալի պահերը ապահովեցին։ Արմէնի խաղարկութիւնը այնքան անմիջական էր, որ ան կարծես ո՛չ թէ դեր կը խաղար, այլ կը կատակէր ընկերոջ հետ։ Անդրանիկ Քումուրճեան թատերախաղին «խեղկատակ»ն էր, որ նոյնիսկ առանց խօսելու, միայն իր ներկայութեամբ եւ շարժուձեւորով հաճելի տրամադրութիւն կը ստեղծէր։ Հուրի Սանոսեան եւ Գարին Չափանեան, որոնք նախապէս ալ գլխաւոր եւ դժուար դերեր ստանձնած են, իրենց խաղարկութեամբ շատ լաւ ամբողջացուցին իրար, յատկապէս տրուած ըլլալով, որ Հուրին տղամարդու դեր ստանձնած էր, որ բաւական հմտութիւն կը պահանջէր։ Անուշիկ Մակարեան եւ Դրօ Թասլաքեանն՝ դարձեալ փորձառու դերասաններ, իրենց համատեղ խաղարկութեամբ ստեղծեցին հետաքրքրական պահեր եւ շատ լաւ առնչութիւն ունեցան իրենց ստանձնած դերերուն հետ։ Հրակ Սանոսեան հմտութեամբ կատարեց իրեն վերապահուած երկու դերերը։

Նկատառելի էր մասնակցութիւնը խումբ մը դերասաններու, որոնք առաջին անգամ ըլլալով բեմ կը բարձրանային՝ Նորայր Նաճարեան, Կարօ Թորոսեան, Սերժ Արուշ եւ Անահիտ Քէշիշեան (վերջինս միայն շաբաթներ առաջ միացաւ խումբին, փոխարինելով նախկին դերասանը), սակայն անոնց խաղարկութիւնը չէր բացայատեր սկսնակ ըլլալու հանգամանքը, այլ ցոյց կու տար իրենց ներդրած երկար ժամերը եւ նուրբ աշխատանքը։

Թատրերգութեան երաժշտութիւնը, որ լաւագոյնս կ՛ընդգծէր կերպարներու յոյզերը եւ տեսարաններու տրամաբանութիւնը, յատուկ այս բեմականացման համար յօրինած էր երաժիշտ Սասուն Առաքելեան (Ս. Փեթերսպուրկ)։ Բծախնդրութեամբ ճշդուած ձայնային ընդմիջումները շեշտեցին արարներու միջեւ փոխուող տրամադրութիւնները ու հարստացուցին բովանդակութիւնը։
Հետաքրքրական էր բեմի յարդարումը, որ մտայղացումն էր ձեւաորող-նկարիչ Անտոն Քէշիշեանի (Երեւան) որ նաեւ դերասաններու հագուստներուն ձեւաւորողն էր։ Հոն կը գտնուէին զանազան ու համապատասխան ձեւերով կտրտուած երկաթէ շրջանակներու վրայ ամրացուած պաստառներ, որոնց ինքնութիւնը չբացայայտուեցաւ մինչեւ թատերախաղի վերջին արարը, երբ գլխաւոր հերոսները` քոյր եւ եղբայր, որոնց նաւը փոթորիկի բռնուելով՝ իւրաքանչիւրը տարբեր ափ մը նետած էր, գտան զիրար: Հանգոյցի կծիկը սկսաւ քակուիլ եւ իրականութիւնները մէկ առ մէկ երեւան գալ։
Դերասանները իրար մօտեցուցին կտորները ու անոնց վրայի պատկերները հանդիսատեսին կողմը դարձնելով, երեւան հանեցին հայկական կարպետի նախշերով հոն գծուած Արարատը եւ Մասիսը։ Այսպիսով, բեմադրիչը թատերախաղին հերոսներու ճակատագիրը նմանցուց հայու ճակատագիրին, զուգահեռ մը գծելով անոնց ու արհաւիրքներու պատճառով իրար կորսունցած հայ հարազատներու միջեւ, որոնք օր մը աշխարհի տարբեր եզրերուն մէկզմէկու վերագտան, երբեմն կարպետի մը բաժնուած կտորները իրար միացնելով։ Այս պատկերով բեմադրիչը կրցաւ շատ նրբութեամբ ու զգուշութեամբ Շէյքսփիրի այս գործին աւելցնել հայկականութեան կաթիլ մը։