Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեանի Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու Հայոց թեմի առաջնորդական պատասխանատու պաշտօնը ստանձնելու երկրորդ տարեդարձը կ՛ամբողջանայ շուտով: Համայն մարդկութեան համար ոչ-բնական եւ ոչ-խաղաղ պայմաններով ընթացած անցնող երկու տարիները, գաղտնիք չէ, որ շատ աւելի ծանր կշռեցին հայերուս համար: Դժնդակ այս պայմաններուն մէջ, երիտասարդ, կորովի եւ սիրառատ մեր առաջնորդը աստուածատուր իր շնորհներն ու բնատուր կարողութիւնները անմնացորդ կենսունակութեամբ ի սպաս դրաւ մեր թեմի ծաղկման եւ բարգաւաճման ու իր ծառայութեան դաշտը ընդարձակեց մինչեւ Արցախ-Հայաստան, Լիբանան եւ Սփիւռքի կարիքաւոր գաղութներ, անսակարկ ծառայութեամբ ինքզինք հարստացնելով նոր շնորհներով եւ անհաշիւ բաշխուելով բոլորին՝ ժպիտ ու սէր տարածեց ամէնուր:
Մենք երջանիկ ենք ձեր առաջնորդութեամբ, սրբազա՛ն հայր:
Սիրելի՛ Թորգոմ սրբազան,
Այս ոգիով կու գանք շնորհաւորելու առաջնորդական ձեր երկամեայ ծառայութեան տարեդարձը՝ մաղթելով ձեզի անհատնում ուժ, կորով, համբերութիւն, խիզախութիւն եւ բազում կանաչ տարիներ, ի խնդիր մեր ազգի զաւակներուն, հայրենիքի եւ Հայ եկեղեցւոյ առաւել պայծառացման, նոր ծրագիրներու իրականացման եւ ծառայական ձեր առաքելութեան մէջ թարմ ու վսեմ նպատակներու ամբողջական յաջողութեան:
Ամբողջական սիրով եւ խոնարհաբար՝
Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու Հայոց Թեմի Խառն Ժողով