Եւոպական Միութիւնը 13 Հոկտեմբերին Հայաստան պիտի գործուղէ թեքնիք խումբ մը, որ պիտի յստակացնէ Ատրպէյճանի հետ սահմանին դիտորդական առաքելութեան տեղակայման վայրերը եւ չափանիշերը: Այդ մասին, ըստ «Ազատութեան», յայտնեց Հայաստանի արտաքին գործոց փոխնախարար Պարոյր Յովհաննիսեան:
Ան աւելցուց, որ Եւրոպական Միութեան դիտորդական խումբին զուգահեռ պաշտօնական Երեւան պատրաստ է ընդունելու նաեւ ՀԱՊԿի դիտորդներ: «Եթէ լինի նման առաջարկ, ապա Հայաստանը չի հրաժարուի եւ բաց է իւրաքանչիւր կառուցողական նախաձեռնութեան համար: Դէ եթէ առաջարկը լինի, մեր դիմումի համաձայն, ես չեմ տեսնում խնդիր, որպէսզի մենք հրաժարուենք որեւէ կառուցողական, դրական նախաձեռնութիւնից», նշեց Յովհաննիսեանէ աւելցնելով, թէ՝ նկատի ունենալով, որ ՀԱՊԿն ռազմական կառոյց է, կրնայ ըլլալ այդ դիտորդական առաքելութիւնը իր մէջ ունենայ ռազմական բաղադրիչ, այդ մասին յստակ որոշում չկայ, պարզապէս որովհետեւ տակաւին ՀԱՊԿի խորհուրդի արտակարգ նիստ չէ գումարուած։ «Հնարաւոր է, Եւրամիութիւնը ռազմական կառոյց չէ, ՀԱՊԿը այլ բնոյթի կառոյց է, պաշտպանութեան ոլորտի, ենթադրաբար, հնարաւոր այդպիսի առաքելութիւնը կարող է այդպիսի կոմպոնենտ (բաղադրութիւն) ունենայ», յայտնեց ան:
Արդեօք կարելի՞ է, որ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի հետ սահմանին միաժամանակ տեղակայուին թէ՛ Եւրոպական Միութեան եւ թէ ՀԱՊԿի դիտորդները հարցումին իբրեւ պատասխան՝ Յովհաննիսեան ըսաւ, որ երբ յստակ առաջարկներ ներկայացուցին, այլ անետ համադրումի հարցը կը քննարկուի: «Մենք դիմել ենք բոլորին՝ ՄԱԿ, ՀԱՊԿ, ԵԱՀԿ, ԵՄ, երկկողմ հարթակներով, հիմա ինչպէս կը լինի այդ համադրութիւնը, դա երկրորդ հարց է, այս պահին ունենք Եւրամիութեան կոնկրետ (յստակ) առաջարկ, աշխատում ենք դրա շուրջ, երբ որ արդէն ի յայտ գան այլ նախաձեռնութիւններ, արդէն պէտք է աշխատանք տարուի», ընդգծեց Յովհաննիսեան:
Առայժմ յստակ չէ, թէ արդեօք ՀԱՊԿի մէջ նախագահող Հայաստան յառաջիկային պիտի հրաւիրէ՞ խորհուրդի արտակարգ նիստ, որ պէտք է որոշէ դիտորդական խումբ ուղարկել սահման: Ընդ որում՝ Լաւրով, 12 Հոկտեմբերին Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի հետ հանդիպումին ընթացքին ըսաւ, թէ առաւել քան ամիսէ մը ի վեր, առաջարկ կայ Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին ՀԱՊԿի դիտորդական առաքելութիւն ուղարկելու վերաբերող եւ միակ բանը, որ կը պահանջուի Հաւաքական անվտանգութեան խորհուրդի որոշումն է, զոր տալու համար նիստի պէտք է հրաւիրէ կառոյցը նախագահող Հայաստան: Միրզոյեան իր կարգին արձագանգեց, որ Հայաստան՝ իբրեւ համանախագահող, փորձեց պայմանաւորուիլ խորհուրդի արտակարգ նիստ գումարելու հարցով, սակայն կարելի չեղաւ՝ դաշնակիցներու «խիստ ծանրաբեռնուածութեան պատճառով»: Լաւրով հակադարձեց՝ նշելով, որ «Ռուսիա որեւէ պահու պատրաստ է նման առցանց նիստի մասնակցիլ»:
Միւս կողմէ, Հայաստանի Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան 12 Հոկտեմբերին Հանրային պատկերասփիւռի կայանին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին յայտարարեց, թէ առայսօր որեւէ առաջարկ չեն ստացած ՀԱՊԿէն: «Որեւէ նորութիւն ես չունեմ այդպիսի առաջարկների մասին, որեւէ նորութիւն չունեմ, որ ՀԱՊԿը պատրաստւում է իրական քայլեր ձեռնարկել՝ Ադրբեջանին ստիպելու Հայաստանի սուվերեն (գերիշխան) տարածքից դուրս գալու համար: Կարծում եմ՝ ՀԱՊԿում արդէն տեղեակ են, թէ Ադրբեջանն ինչպիսի ձեւակերպումներ է տալիս եւրոպական մայրաքաղաքներում ՀԱՊԿի մասին: Ես կարծում եմ՝ դրա մասին պէտք է ՀԱՊԿում մի քիչ լուրջ մտածեն», ըսաւ Գրիգորեան:
Յովհաննիսեան, պատասխանելով այն հարցումին, թէ արեւմուտքէն յստակ ի՛նչ առաջարկներ կը հնչեն՝ ըսաւ, որ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ սահմանային լարուած իրավիճակը կարգաւորելու առնչութեամբ արեւմուտքէն ոչ միայն յստակ առաջարկներ կը ներկայացուին, այլ նաեւ կը ձեռնարկուին կողմերուն աջակցելու ջանքերու: