ԵՐԵՒԱՆ, «Նոյեան Տապան».- Ղարաբաղեան խնդիրի հարցով, ՆԱԹՕն կ’աջակցի ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի գործունէութեան, այս մասին Հոկտեմբեր 12ին արտաքին գործոց նախարար Վարդան Օսկանեանի հետ միացեալ ասուլիսի ընթացքին յայտարարեց Կեդրոնական Ասիոյ եւ հարաւային Կովկասի մէջ ՆԱԹՕի գլխաւոր քարտուղարի յատուկ ներկայացուցիչ Ռապըրթ Սիմընզ:
ՆԱԹՕի ներկայացուցիչը յոյս յայտնեց, որ կողմերը կը կարողանան հարցի լուծումը գտնել Մինսքի խումբի ծիրէն ներս: Իսկ ՆԱԹՕն, ըստ Ռ. Սիմընզի, պատրաստ է աջակցութիւն ցուցաբերել լուծման ուղիներու որոնման համար:
«Մենք ուրախ ենք, որ կարող ենք օգնել Հայաստանի կառավարութեանը տարբեր ուղղութիւններով առաջ գնալու, յատկապէս պաշտպանութեան ոլորտում բարեփոխումներ կատարելու հարցում», նշեց Սիմընզ եւ գոհունակութիւն յայտնեց Հայաստան-ՆԱԹՕ գործակցութեան ծիրէն ներս «Գործընկերութեան անհատական ծրագիր»ի սկսելուն առնչութեամբ:
Ասուլիսի ընթացքին, արտաքին գործոց նախարար Վարդան Օսկանեան նշեց, որ ՆԱԹՕն գործընկեր երկիրներուն հետ իր յարաբերութիւնները կը կառուցէ հիմնուելով այդ երկիրներու ցանկութիւններուն վրայ, եւ այս կամ այն ծրագիրի շրջանակներով գործակցութիւնը որեւէ երկիրի չի պարտադրուիր:
Նախարար Օսկանեան յայտնեց նաեւ, որ Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան եւրոպական ուղղութիւնը կազմուած է երեք բաղադրիչներէ. գործակցութիւն ՆԱԹՕի, ԵՄի եւ ԵԽի հետ: Ան նշեց, որ այդ կառոյցներուն հետ յարաբերութիւններու ծիրէն ներս գործադրուող ծրագիրներուն մէջ կրկնութիւնները բացառելու նպատակով, նահագահ Ռոպերթ Քոչարեանի կողմէ կազմուած է յատուկ համակարգող խորհուրդ մը: