ԳՐԻԳՈՐ ԱՐՔ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ

Աստուածաշնչական առաջին դէմքերէն մին է Կայէնը, որուն անունով, յատկապէս Արեւմտեան ափերուն, սկսեր են ծնողներ իրենց զաւակները կոչել: Արեւելքի մէջ Կայէնը տակաւին կը շարունակէ մնալ անբաղձալի եւ խոտելի անուն. մէկը, որ պատճառ դարձաւ աշխարհի առաջին արիւնահեղութեան, երբ նախանձի պատճառով իր եղբայրը՝ Աբէլը սպաննեց:
Կռիւը, հակառակութիւնը, նախանձը, բարկութիւնը, անհատական թէ հաւաքական մակարդակի վրայ, մէկ վայրկեանի համար իսկ դադրա՞ծ է աշխարհի մէջ: Անհատական հակամարտութիւններէն սկսեալ մինչեւ մեծածաւալ պատերազմական գործողութիւնները, սկիզբէն մինչեւ հիմա հանգիստ չեն տուած մարդկութեան: Ուրեմն, ներկայ ժամանակներու ամէնէն մտահոգիչ երեւոյթներէն համարուող պատերազմական գործողութիւնները, նորութիւն չեն մարդկութեան համար, եթէ աշխարհի սկզբնաւորութենէն մարդիկ իրարու հետ համերաշխ չեն եղած եւ նոյնիսկ առաջին երկու եղբայրներէն մէկը նախանձելով միւսին՝ սպաններ է զայն…։ Տրամաբանութիւնը պիտի ըսեր՝ ուրեմն ի՞նչ կայ զարմանալի, եթէ այսօր անհամաձայնութիւններու եւ պատերազմներու դէմ յանդիման կը գտնուի մարդկութիւնը:
Շարունակութիւնն է այդ Կայէնին աւանդութեան, որուն հետեւորդները քիչ չեն թիւով: Մէկը կ՛ըսէր. «Երեք հոգի տեսնես իրարու քով կանգնած, գիտցիր որ երկուքը իրարու հետ խնդիր ունին, եթէ ոչ բացայայտ, ուրեմն գաղտնի…»: Ներկայ աշխարհի բարդ իրականութեան մէջ, նկատի ունենալով սոյն խօսքը՝ տրամաբանութենէ հեռու չէ:
Աշխատանքի վայրերու, ակումբներու եւ այլ հաւաքավայրերու մէջ անձերու եւ խմբակներու միջեւ հակառակութիւններն ու թշնամութիւնները մեծ տարածում ունին արդէն: Աւելին, երկու կարեւոր բջիջներ, ինչպէս դպրոցը եւ մանաւանդ ընտանիքը, ուր բոլորը հարազատներ են իրարու, բնաւ պէտք չէ տեղ ունենայ հակառակութիւնը, կը տեսնենք, որ երկուքն ալ զերծ չեն հակառակութիւններու փորձութենէն:
Դպրոցի մը տնօրէնը նամակ կը ստանայ իր նախկին աշակերտէն, որ տարիներ առաջ շրջանաւարտ ըլլալով՝ հեռացած էր իր ծննդավայրէն եւ յաջողակ առեւտրական դարձած Եւրոպական ցամաքամասին վրայ: Նամակին հեղինակը ցաւով կ՛անդրադառնայ իր ծննդավայրին մէջ տեղի ունեցող պատերազմին եւ անախորժութիւններուն, հայրենիք չվերադառնալու խիստ «ուխտ» կատարելով: Ծերունազարդ տնօրէնը կը պատասխանէ սոյն նամակին՝ յիշեցնելով ամէնէն կարեւոր դասը, որ ինք սորվեցուցած էր անցեալին. համերաշխ ապրելու դասը: Նամակին պատասխանողը կ՛ըսէ նաեւ, որ եթէ ամէն ոք հեռանալով՝ իր կաշին փրկէ, ու ետեւ չնայի, ո՞վ պիտի սորվեցնէ յաջորդ սերունդին նոյն այդ կարեւոր դասը, որ համերաշխութիւնն է: Ամէն մարդ հասուն պտուղը կ՛ուզէ քաղել ծառէն, սակայն շատ քիչ են ծառին արմատներուն խնամք տանողները, որոնք տանջալից նուիրումով կը կատարեն իրենց գործը:
Կայէնին աւանդութեան շարունակականութիւնը ամէնէն աւելի տարօրինակ հանգամանք կը զգենու, ընկերութեան կեանքի ամէնէն փոքր բջիջին՝ ընտանեկան յարկին տակ, որ իր սկզբնաղբիւրն էր: Ադամի ընտանեկան յարկին տակ չսկսա՞ւ Կայէնի նախանձը, որ հետագային աւանդութեան վերածուելով՝ տարածուեցաւ ամբողջ աշխարհի մէջ, որուն հետեւանքները ամէն օր կը կրենք հաւաքաբար:
Արեգակը արեւելքէն կը ծագի: Ոմանք այս իրողութեան կարկինը լայն բանալով, ամէն ինչի պատճառը արեւելքի մէջ կը փնտռեն…։ Մարդկային կեանքն ալ սկիզբ առած է արեւելքի մէջ, ուր կը գտնուի Եդեմի պարտէզը…։ Սակայն, արեւելքի մէջ տեղի ունեցող դէպքերուն գլխաւոր պատճառները պէտք է փնտռել արեւմուտքի մէջ, ուր վարագուրուած թատերաբեմերու ետին, որքա՜ն դիմակաւոր անձնաւորութիւններ կը գործեն, սակայն թատերաբեմ դուրս գալէ ետք, իբրեւ վարպետ դերասանի կերպով խաղաղութեան մեծահամբաւ քարոզիչներ կը ներկայանան հանրութեան:
Որքան ալ մարդիկ ծրագիրներ մշակեն արեւելքի համար միայն, համայն աշխարհը դատապարտուած է պատերազմի եւ անապահովութեան: Վերոյիշեալ թատերաբեմին վարագոյրը օր մը վերուստ ի վայր պիտի պատռուի, այնպէս ինչպէս պատռուեցաւ Երուսաղէմի տաճարին վարագոյրը այն պահուն, երբ Յիսուս իր հոգին աւանդեց խաչին վրայ: Ուրեմն, կա՛յ պահը ճշմարտութեան, երբ պիտի բացայայտուի անիկա, եւ բոլորը պիտի ճանչնան զայն:
Ներկայ դարու պատերազմներուն միջեւ գրեթէ տարբերութիւն չենք կրնար տեսնել: Բոլոր երկիրներն ալ զիրար կը գերազանցեն, նոր տեսակի զէնքեր գնելու մոլուցքին մէջ: Բոլորն ալ հետամուտ են աւելի վնասատու, աւելի կործանարար եւ աւելի մահաբեր տեսակի զինամթերք ապահովելու: Խնդիրը կը կայանայ պատերազմները հրահրելու վարպետութեան, ինչպէս նաեւ զանոնք կասեցնելու փորձերուն կամ դատապարտումի ալիքներ յառաջացնելու տարբերութեան մէջ:
Աստուածաշնչական հասկացութեամբ՝ չարը միշտ կը մնայ խորհրդաւոր մթութեան մէջ, որուն երկար ձեռքերը եւ մանաւանդ պոչը հազարաւոր մղոններ կրնան կտրել անզգալաբար, երբ ամբողջ աշխարհը զբաղած է իր առօրեայով: Յիսուս յականէ յանուանէ կը ներկայացնէ զայն՝ ըսելով, թէ անիկա «աշխարհի իշխան»ն է, որ սակայն իր վրայ իշխանութիւն չունի: Ուրեմն, ազատ թողուած է անիկա, որուն կ՛ենթարկուին բոլոր անոնք, որոնք մարդկութեան կեանքը քայքալելու հրահանգներ կը ստանան անկէ:
Պատերազմներու ձայներ աշխարհի ամէն կողմերէն լսելի կը դառնան բոլորիս: Զարմանալին այն է, որ արեւելեան ցամաքամասին վրայ լսուող պատերազմները բոլորին ուշադրութեան առարկայ չեն դառնար, ոչ ալ տառապող ժողովուրդներու ցաւին ցաւակից կը գտնուի: Մինչդեռ, երբ արեւմտեան երկրի մը սահմաններուն մէջ պատերազմ բռնկի, քաղաքակիրթ համայն աշխարհը սգաւոր կը դառնայ, դատապարտման ալիքներ կը բարձրացնէ, մեղաւորներ կը փնտռէ եւ մինչեւ ոճրագործի տարազ հագցնելով՝ մահապարտ կը յայտարարէ զանոնք: Ո՞ւր էին այս արդարութեան յառաջապահ մարտիկները, երբ արեւելեան եւ ափրիկեան երկիրներուն մէջ միլիոնաւոր մարդիկ անարդարութեան զոհ կը դառնային, ցեղասպանութիւններու կ՛ենթարկուէին, եւ արտաքին շարժումներու կողմէ բռնազբօս կերպով հրահրուած քաղաքացիական պատերազմներու ճիրաններուն մէջ կը տառապէին…: Պարզապէս անոնց աչքերը կապոյտ եւ մազերը դեղին չըլլալո՞ւն պատճառով…:
Կեղծիքով եւ անարդարութեամբ լեցուն այս աշխարհի արդարութեան քարոզիչներուն ցաւը յայտնի է արդէն. այն, որ պատերազմները եւ անախորժութիւնները իրենց ծրագրած պարունակէն դուրս եկան, այսինքն արեւելքի սահմաններէն անցան արեւմուտք: Ինչպէս ժողովուրդը կ՛ըսէ. «Ասիկա չկար հաշիւին մէջ…»: Կայէնն ալ չէր գիտեր անշուշտ, որ իր կատարած առաջին վատ արարքը, բոլոր դարերուն համար, մինչեւ այսօր վատ օրինակ պիտի հանդիսանար, չար աւանդութեան մը վերածուելով սերունդէ սերունդ:
Առաջին Կայէնը եւ բոլոր դարերու կայէնները, մինչեւ նորօրեայ դէմքերով, եղբայրասպան պայքարի պատիժը պիտի կրեն անպայման: Սակայն ինչո՞ւ մարդկութիւնը Կայէնի օրինակին փոխարէն, Աբէլի օրինակը չ՛որդեգրեց, որպէսզի բարին տարածուէր աշխարհի մէջ: Այս հարցումը եթէ պատասխան ունի, չմեռած ես ալ կ՛ուզեմ իմանալ: