ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- «Երեւանի օր» տօնակատարութեան ծիրին մէջ Հոկտեմբեր 13-14ին մայրաքաղաք պիտի այցելեն 10-13 քաղաքներու պատուիրակութիւններ: Իրենց մասնակցութիւնն արդէն հաստատած են Մոսկուա, Օտեսա, Մինսք, Տոնի Ռոստով, Սպահան, Վոլկոկրատ, Մարսէլ քաղաքներու քաղաքապետարանները. որոշ պատուիրակութիւններ պիտի գլխաւորեն քաղաքապետները, իսկ որոշները՝ թաղային համայնքներու ղեկավարները: Այս մասին հրաւիրուած ասուլիսի ընթացքին նշեց Երեւանի քաղաքապետարանի արտաքին կապերու վարչութեան պետ Դաւիթ Գէորգեան եւ յայտնեց, որ յառաջիկայ երկու օրերուն պիտի ճշդուի նաեւ Փարիզի, Սթաւրոփոլի, Սոչիի, Պուտափեշթի, Լոս Անճելըսի, Մոնթրէալի պատուիրակութիւններու մասնակցութեան հարցը: Վերոնշեալ քաղաքներու մեծ մասը հռչակուած է որպէս Երեւանի քոյր-քաղաք:
Նշենք, որ «Երեւանի օր» տօնակատարութիւններու առաջին օրը, Հոկտեմբեր 13ին Երեւանի պատմութեան թանգարանին մէջ բացումը պիտի կատարուի «Հնագոյն Երեւանի կենցաղը» խորագիրով ցուցահանդէսին, ուր պիտի ներկայացուին մ.թ.ա. 4րդէն մինչեւ 1ին հազարամեակի ցուցանմուշներ:
Նոյն օրը, Երեւանի քաղաքապետարանի ճեմասրահին մէջ բացումը պիտի կատարուի «Երեւանն իմ աչքերով» լուսանկարներու ամէնամեայ մրցոյթ-փառատօնին, օփերայի եւ պալէի ազգային ակադեմական թատրոնին մէջ տեղի պիտի ունենայ «Երեւանի օր» տօնակատարութեան հանդիսաւոր բացումը, իսկ Երեւանի Ազատութեան հրապարակին մէջ՝ «Երեւանը երգերու մէջ» ամէնամեայ մրցոյթ-փառատօնը:
Տօնակատարութեան շրջանակներով մայրաքաղաքի բոլոր համայնքներուն մէջ տեղի պիտի ունենան հանդիսութիւններ, երեկոյեան՝ տօնական համերգներ:
Հոկտեմբեր 14ին մանկական տօնական միջոցառումներ կը նախատեսուին Երիտասարդական զբօսայգիին մէջ՝ Կոմիտասի անուան սենեկային երաժշտութեան տան հարեւանութեամբ, ինչպէս նաեւ Ազատութեան հրապարակին մէջ, իսկ Անգլիական այգիին մէջ տօնական համերգ՝ կազմակերպուած «Հնաբնակ երեւանցիներ»ու կողմէ:
Մայրաքաղաքի հիմնադրման 2788ամեակին նուիրուած հանդիսութիւնները պիտի ամփոփուին մարզահամերգային համալիրին մէջ. տեղի պիտի ունենայ նաեւ հրավառութիւն: