Երկուշաբթի, 26 Սեպտեմբերի յետմիջօրէին, Ազգային առաջնորդարան այցելեց Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Դաւիթ Բաբայեան՝ ընկերակցութեամբ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի փոխատենապետ Րաֆֆի Գասապեանի, անդամներ Անահիտ Օշականի եւ Հերմինէ Փախանեանցի:
Նկատի ունենալով, որ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմի առաջնորդ Թորգոմ եպս. Տօնոյեան երկրէն դուրս կը գտնուէր, իր անունով հիւրերուն բարի գալուստ մաղթեց Զարեհ վրդ. Սարգիսեան:
Շուրջ ժամ մը տեւած հանդիպման ընթացքին, Ազգային վարչութեան ատենապետ Վահէ Յովակիմեան, փոխատենապետ Մհեր Տէր Յովհաննէսեան եւ ատենադպիր Ճորճ Չորպաճեան անդրադարձան Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմին կողմէ ցարդ արցախահայութեան ուղղուած բազմամակարդակ զօրակցութեան եւ պատրաստակամութեան՝ զանազան ձեւերով Արցախի ժողովուրդին նեցուկ կանգնելու առումով:
Հայրենի հիւրին հետ ծաւալած զրոյցին ընթացքին, նախարար Բաբայեան բարձր գնահատեց Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմին կողմէ արցախահայութեան կատարուած օժանդակութիւնները, ապա մանրամասնութիւններ փոխանցեց հայրենի եզերքի ներկայ իրավիճակին մասին եւ սպառիչ պատասխաններ տուաւ իրեն ուղղուած բոլոր հարցումներուն:
ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ