ԵՐԵՒԱՆ, «Նոյեան Տապան».- Գլխաւոր դատախազ Աղուան Յովսէփեան մտադիր է ԱԺին ներկայացնել միջնորդութիւն՝ պատգամաւոր Յակոբ Ռաֆիկի Յակոբեանը (26րդ ընտրատարածքէն եւ ծանօթ՝ Ճոյտ ծածկանունով) որպէս մեղադրեալ նկատելու վերաբերեալ:
Ըստ գլխաւոր դատախազութեան տեղեկատուութեան, Աղուան Յովսէփեան Հոկտեմբեր 11ին դիմած է վարչապետ Անդրանիկ Մարգարեանին՝ կառավարութեան 2006ի Հոկտեմբեր 12ին նախատեսուած նիստի օրակարգին վրայ ընդգրկելու նաեւ Ազգային ժողովի արտահերթ նիստ հրաւիրելու մասին ԱԺ նախագահին առաջարկ ներկայացնելու հարցը: Արտահերթ նիստի օրակարգին վրայ կ’առաջարկուի ընդգրկել «Ազգային ժողովի պատգամաւոր Յակոբ Յակոբեանը որպէս մեղադրեալ ներգրաւելու վերաբերեալ» գլխաւոր դատախազի միջնորդագիրը քննարկելու հարցը: