Սիւնիքի մարզպետ Ռոբերտ Ղուկասեան 27 Սեպտեմբերին ընդունեց Հայաստանի մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Լին Թրէյսին:
«Արմէնփրէս»ը կը տեղեկացնէ, որ մարզպետարանին հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի, որ դեսպանին հետ Սիւնիք այցելեցին նաեւ դեսպանութեան տնտեսական եւ քաղաքական բաժինի փոխղեկավար Քիմ Զեփֆըլ, Միացեալ Նահանգներու Միջազգային զարգացման գործակալութեան (USAID) հայաստանեան գրասենեակի տնօրէն Ճան Օլըլօ, գրասենեակի ծրագիրներու համակարգող Հայկանուշ Բագրատունեան: Մարզպետը շնորհակալութիւն յայտնեց դեսպանին` այցելութեան եւ յատկապէս Սիւնիք գտնուելուն համար:
Թրէյսի, յիշատակելով, որ կը լրանայ 44օրեայ պատերազմի 2րդ տարելիցը` իր յարգանքը փոխանցեց զոհերու յիշատակին եւ իր ցաւակցութիւնները անոնց ընտանիքներուն` նշելով, թէ, դժբախտաբար, երիտասարդ տղաներու կեանքեր խլեց նաեւ վերջին օրերու պատերազմը:
Ղուկասեան, ներկայացնելով 13 Սեպտեմբերին Ատրպէյճանի` Սիւնիք ներխուժման մանրամասնութիւնները՝ ըսաւ. «Մեզ համար շատ կարեւոր է, որ այս ծանր ժամանակահատուածում մեր կողքին էք: Տեղեակ ենք, տիկի՛ն դեսպան, թէ՛ ձեր, թէ՛ ԱՄՆ դիրքորոշման մասին այս ամէնի վերաբերեալ, որի համար շնորհակալ ենք: Բայց վերջին երկօրեայ պատերազմը, որ տեղի ունեցաւ ՀՀ ինքնիշխան տարածքում, ցոյց տուեց, որ թշնամին ոտնահարում է ոչ միայն մէկ այլ պետութեան ու մարդու հիմնարար բոլոր իրաւունքները, այլեւ հումանիտար (մարդասիրական) տարրերը ու նոյնիսկ շտապօգնութեան մեքենաներն էր թիրախաւորում: Այստեղ մեծ է խաղաղ բնակչութեան հանդէպ ռազմական գործողութիւնների ռիսկը (վտանգը): Այս ամէնը պէտք է խիստ գնահատականի արժանանայ միջազգային հանրութեան կողմից, ուստի եւս մէկ անգամ բոլորից խնդրում ենք ուշադրութիւն թշնամու վերջին գործողութիւնների նկատմամբ եւ յստակ ճնշումներ` դրանց կրկնութիւնը կանխելու համար»:
Դեսպան Թրէյսի ըսաւ, որ այս հակամարտութիւնը կը գտնուի Միացեալ Նահանգներու ուշադրութեան կեդրոնը` նոյնիսկ այն պարագային, երբ աւելի լայն տարածաշրջանի մը մէջ կան զուգահեռ ընթացող հակամարտութիւններ: «Մենք բարձրագոյն մակարդակներու վրայ, նաեւ դիւանագիտական խողովակներով, ամէն ինչ կ՛ընենք` թոյլ չտալու ուժի կիրառումը, ապահովելու բանակցութիւններու շարունակականութիւնը եւ ունենալու հարցի այնպիսի կարգաւորման հեռանկար, որ երկարաժամկէտ ու կայուն խաղաղութիւն կը բերէ», ըսաւ Թրէյսի:
Անը նշեց, որ կը գիտակցի, թէ որքան դժուար է հիմա Սիւնիքի, նաեւ միւս սահմանամերձ մարզերու բնակիչներուն համար ապահովութեան զգացում ունենալ: Այդ պատճառով է որ ինք մարզը կ՛այցելէ գործընկերներուն հետ` տեղւոյն վրայ հասկնալու համար, թէ ի՛նչ կը կատարուի եւ ինչպէ՛ս կարելի է օգնել։
Ղուկասեան հիւրերուն հետ մարզին վերաբերող քննարկումներէն բացի շնորհակալութիւն յայտնեց Միջազգային զարգացման գործակալութեան` ցարդ կատարած աշխատանքին համար` նշելով, թէ «շարունակուող համագործակցութեամբ իրականացուելիք ծրագրերը զարգացումից զատ պէտք է ուղղուած լինեն դժուարին իրավիճակներին դիմակայելուն»: