ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Ընթերցողի սեղանին է ակադեմիկոս, գրող Վահագն Դաւթեանի (1922-1996) յիշատակին նուիրուած «Անցողիկն ու յաւիտենականը» ժողովածուն, որու կազմութեան աշխատանքին մասնակցած են աւելի քան 70 հեղինակներ՝ գրողներ, գրականագէտներ, լրագրողներ, պետական եւ հասարակական գործիչներ:
Հոկտեմբեր 6ին Հայաստանի գրողներու միութեան դահլիճին մէջ տեղի ունեցաւ գիրքի շնորհահանդէսը:
Վահագն Դաւթեանի մասին խօսք ըսին Գրողներու միութեան նախագահ Լեւոն Անանեան, գրականագէտներ Ազատ Եղիազարեան, Դաւիթ Գասպարեան, Շչորս Դաւթեան, գրողներ Հրանդ Մարգարեան (ԱՄՆ), Հրաչեայ Թամրազեան, Արմէն Մարտիրոսեան, Արտաշէս Ղազարեան, Գրիգոր Չանիկեան, վաստակաւոր նկարիչ Հենրիկ Մամեան, պետական գործիչ Ալեքսան Կիրակոսեան:
Ասմունքողներ Ազատ Գասպարեան եւ Սիլվա Եուզբաշեան կարդացին հատուածներ:
Գիրքի շնորհահանդէսին գրական աշխարհէն բացի ներկայ էին ԱԺ պատգամաւորներ, կառավարութեան անդամներ, ուրիշ պետական այրեր: