ՄՈՍԿՈՒԱ, «Ռոյթըրզ».- Ռուսական «Կազփրոմ» ընկերութիւնը Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 2ին հաղորդեց, որ Վրաստանի մատակարարուող իր բնական կազի գինը աւելի քան պիտի կրկնապատկուի մօտ օրէն։ «Կազփրոմ» հազար խորանարդ մեթր կազի համար այժմ Վրաստանէն կը գանձէ 110 ամերիկեան տոլար, որ պիտի բարձրանայ 230ի։
«Կազփրոմ» երկար ատենէ ի վեր կը պահանջէ վերատեսութեան ենթարկել նախկին խորհրդային երկիրներու իր հայթայթած բնական կազի սակերը եւ զանոնք մօտեցնել միջազգային սակերուն։
Այսուհանդերձ, այդ պահուն Մոսկուա այցելող Վրաստանի արտաքին գործոց նախարար Կելա Պեժուաշւիլի ըսաւ, որ որոշումը քաղաքական է եւ զայն «ռուսական պատիժ» որակեց, որովհետեւ Վրաստան կը փորձէ Մոսկուայի ազդեցութիւնը թօթափել ու մօտենալ Արեւմուտքին:
Պեժուաշւիլի Ռուսիա կ՚այցելէր երկու երկիրներուն միջեւ լարուածութիւնը մեղմացնելու յոյսով: «Բնական կազի գինը միակ միջոցն է, որուն կրնայ դիմել Ռուսիա՝ ազդեցութիւն բանեցնելու համար Վրաստանի վրայ, բայց մենք ճնշումին տեղի պիտի չտանք», վստահեցուց ան։
Վրաստանի վարչապետ Զուրապ Նոկայտելի եւս Ուրբաթ օր նման յայտարարութիւն մը կատարեց եւ աւելցուց, թէ Ռուսիա նոյն քանակով կազը 130 տոլարի կը ծախէ Ուքրանիոյ եւ 100 տոլարի՝ Հայաստանի: