Տասնամեակներէ ի վեր աւանդութիւն դարձած է հայ մշակոյթի օրը տօնել Հոկտեմբեր ամսուան մէջ եւ, հետեւելով այդ գեղեցիկ աւանդութեան, «Համազգային»ի Սան Ֆրասիսքոյի «Ն. Աղբալեան» մասնաճիւղի վարչութիւնն ալ կազմակերպած էր համազգայնավայել ճոխ յայտագրով ձեռնարկ մը, Կիրակի, 22 Հոկտեմբեր 2006ի յետմիջօրէի ժամը 2էն սկսեալ, «Վասպուրական» սրահին մէջ, 100է աւելի համազգայնականներու ու համակիրներու ներկայութեամբ:
Ձեռնարկին բացումը կատարեց տեղւոյն «Համազգային»ի վարչութեան անդամներէն Լենա Մանուկեան: Ան ջերմ ու խանդավառ խօսքերով ողջունելով ներկաները ըսաւ, թէ հաւաքուած ենք հոս ոչ միայն միասնաբար հաճելի ժամանակ մը անցընելու, այլ՝ միասնաբար տօնակատարելու, միասնաբար պանծացնելու մեր նախնիներէն մեզի փոխանցուած մշակութային հսկայական ժառանգ մը, որ նոյնիսկ միջազգային չափանիշներով մեծ հարստութիւն է իր ճոխ արժէքներով ու բովանդակութեամբ, ու մեր գերագոյն նպատակն է ոչ միայն պահպանել զայն, այլեւ փոխանցել մեր նոր սերունդին:
Յայտագիրը յատկանշական էր իր այլազան բովանդակութեամբ՝ երգ, պար, արտասանութիւն, նուագ ու գնահատականներ: Օրուան հանդիսավար, «Համազգային»ի վարչական անդամներէն Ռուբինա Գասպարեան ամենայն ձեռնհասութեամբ վարեց յայտագիրը, համեմելով իր խօսքերը ու ստեղծելով այնպիսի մթնոլորտ մը, որ անմոռանալի պիտի մնայ հանդիսականներու յիշողութեան մէջ:
Յայտագրին գեղարուեստական բաժինը սկսաւ գաղութիս սիրուած ու միշտ փնտռուած Մազմանեան քառեակին ելոյթով: Անոնք յայտագրի տեւողութեան ընթացքին, մէջընդմէջ հրամցուցին շուրջ վեց հայկական ժողովրդական եղանակներ, հայր՝ Կրէկ Մազմանեան (ջութակ), որդին՝ Էտի (ջութակ), դուստրերը՝ Իտա (ջութակ) եւ Ռոզ (դաշնակ) ստեղծեցին այնպիսի զմայլելի պահեր ու խանդավառութիւն, որոնք մեծապէս գնահատուեցան, խլելով բուռն ծափահարութիւններ: Մազմանեան քառեակը մեծ ծառայութիւն կը բերէ հայ մշակոյթին ու հայ ժողովուրդին:
«Համազգային»ի Կեդրոնական վարչութեան նախաձեռնութեամբ Հայաստանի մէջ կազմակերպուած երիտասարդական ամառնային համագումար-ֆորումին Սան Ֆրանսիքոյէն մասնակցած են «Գռուզեան-Զաքարեան-Վասպուրական» ազգ. վարժարանի շրջանաւարտներէն երեք երիտասարդներ՝ Արմէն Մխճեան, Նանօր Տէմիրճեան եւ Մատթէոս Սենեքերիմեան: Վերջինը պատմեց իր տպաւորութիւնները եւ ըսաւ. «Կ’ուզեմ նախ շնորհակալութիւններս յայտնել «Համազգային»ի «Ն. Աղբալեան» մասնաճիւղին, որ ինծի առիթը ընծայեց մասնակցելու 12րդ համագումարին: Այս մէկը միեւնոյն ատեն ինծի առիթ եղաւ առաջին անգամ հայրենիք այցելելու: Սփիւռքի զանազան շրջաններէն եկած տղաք ու աղջիկներ, բոլորս կը նստէինք կլոր սեղաններու շուրջ ու իւրաքանչիւրս իր գաղութին մասին զեկոյցներ կու տայինք: Տեսանք Հայաստանի պատմական ու տեսարժան վայրերը, որոնց մասին մինչեւ այսօր միայն լսած էինք մեր դասագիրքերէն ու ուսուցիչներէն: Համագումարին մասնակիցներս, հայ երիտասարդութիւնը պատրաստ է անընդհատ աշխատելու իր հայրենիքին եւ ազգին համար»:
Ռ. Գասպարեան ուրախութեամբ յայտարարեց նաեւ, թէ «Ն. Աղբալեան» մասնաճիւղը նախաձեռնած է կազմութիւնը մանկապատանեկան պարախումբի մը, որ պիտի ընդգրկէ 4-12 տարեկան տղաք ու աղջիկներ. պարախումբի ղեկավարութիւնը ստանձնած է Անի Այանեան: Ան հետեւած է «Համազգային»ի Պէյրութի պարի դասընթացքներուն, նաեւ իր մասնակցութիւն բերած է զանազան ելոյթներու, Լիբանանի մէջ:
Յայտագրի ընթացքին, հանդիսավարը մասնաւորաբար անդրադառնալով մեր կառոյցներէն կարեւորագոյններէն մէկուն՝ հայ դպրոցին, կարեւորութեամբ շեշտեց ըսելով. «Հայ դպրոցի աշխատանքը հսկայական եւ դժուարին է յատկապէս Սփիւռքի մէջ, իսկ մեր պարագային, Ամերիկայի մէջ եւս կացութիւնը նոյնն է, բոլորս ալ գիտենք, թէ դպրոցը բաղադրութիւնն է աշակերտներու, ուսուցիչներու, ծնողներու ու տնօրէնութեան, առանց աշակերտներու ու առանց ուսուցիչներու, դպրոցը կը մնայ միայն քարաշէն շէնք մը, առանց կեանքի»: Ապա խօսքը ուղղելով ուսուցիչներուն, ան շարունակեց ըսելով. «Սիրելի հայ ուսուցիչներ, դուք ոչ միայն ուսուցիչներ էք, այլ երկրորդ կարեւոր անձնաւորութիւններն էք մեր աշակերտներուն կեանքին մէջ: Ձեր վարձքը կատար, առ ի գնահատանք ձեր անսակարկ ծառայութեան, «Համազգային»ը ձեզ կ’ուզէ գնահատել համեստ նուէրով մը եւ, իբրեւ մշակոյթի ամսուան խորհրդանշական նուէր, ձեզի կը նուիրենք Լուսին Գասպարեանի հեղինակութիւններէն անգլիատառ գրքոյկ մը, «Armenia. A Rugged Land, Enduring People»:
Ազգային վարժարանէն ներս իրենց ծառայութեան առիթով, ուսուցուհիներ Արմենուհի Պանքլեան, Վիքի Հաւաթեան, Կարինէ Փանոսեան, Մարի Քարբանեան, Նանօր Էքմէքճեան եւ Սօսի Չինչինեան ստացան այս գեղեցիկ գիրքէն օրինակներ: Նոյն գիրքէն օրինակ մըն ալ նուիրուեցաւ Ռոզալին Չարեանին՝ իր վերջին երկու տարիներու ծառայութեան համար, շրջանիս մէջ գործող միակ հայկական ռատիոժամէն ներս: «Համազգային»ի վարչութիւնը չէր մոռցած նաեւ Նուպար Տէմիրճեանը: Գաղութին թղթակցութիւնները «Ասպարէզ»ին հասցնելու առ ի գնահատանք, ան ստացաւ գեղեցիկ գրիչ մը:
Յայտագրին իր մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ ԳԶՎի երկրորդ դասարանի աշակերտութիւնը, խմբային արտասանութիւնով մը, առաջնորդութեամբ ուսուցչուհի Սօսի Չինչինեանի. արտասանեց փոքրիկն Հայկ Գասարճեան՝ մանկապարտէզէն, եւ փոքրիկն Սաթինէ Գասարճեան՝ մանկամսուրէն: Վերջին ելոյթ ունեցողը եղաւ վերջերս Պէյրութէն ժամանած Ազնիւ Թորոսեան, որ խոր ապրումով արտասանեց Սիլվա Կապուտիկեանի «Խօսք իմ որդուն»ը, խլելով բուռն ծափահարութիւններ ներկայ հասարակութենէն:
Տօնակատարութիւնը փակուեցաւ ուրախ տրամադրութիւններով ու շարունակուեցաւ Մազմանեան քառեակին ստեղծած շատ հաճելի մթնոլորտով: