ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Փետրուար 2ին տեղի ունեցաւ կառավարութեան բարեսիրական ծրագիրները համակարգող յանձնաժողովի հերթական նիստը, զոր վարեց յանձնաժողովի նախագահ Ս. Տէր Սիմոնեանը:
Նիստի ընթացքին յանձնաժողովը քննեց եւ հաստատեց 6 բարեսիրական ծրագիր՝ «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի կողմէ գործադրուող Կոտայքի մարզի Աբովեան քաղաքի թիւ 10 դպրոցի 2 դասարաններու համար գոյք գնելու եւ տեղադրելու, նաեւ Արմաւիրի մարզի Դաշտ գիւղի դպրոցի կաթսայատան շէնքի վերակառուցման ծրագիրները, ինչպէս նաեւ Ալիխանեանի անուան Երեւանի բնագիտութեան հիմնարկի տիեզերական ճառագայթներու բաժանմունքի գործունէութեան եւ գիտական կազմակերպութիւններուն աջակցելու ծրագիր:
Հաստատուեցան նաեւ «Օրրան» բարեսիրական կազմակերպութեան 2007ի ծրագիրը, Ֆրանս-հայկական զարգացման հիմնադրամի ծրագիրը, որու նպատակն է աջակցիլ Ֆրանսայի մէջ ապօրինի կեցութիւն ունեցող Հայաստանի քաղաքացիներու կամաւոր վերադարձին: