Ճազ երաժշտութեան չաստուածներէն Թէլոնիոս Մոնքի յիշատակին հիմնուած մրցանքին այս տարուան մրցանակակիրը եղաւ հազիւ տասնինը գարուններ բոլորած գիւմրեցի դաշնակահար Տիգրան Համասեանը:
Այժմ Քալիֆորնիոյ մէջ մասնագիտական դասընթացքներու հետեւող Համասեան տասը տարեկանէն ի վեր կը նուագէ դաշնակ եւ արդէն իսկ կատարած է կարգ մը ստեղծագործութիւններ։ Նախքան այս մրցանակին տիրանալը, ան նաեւ Մոնաքոյի մէջ յաջողութիւններ արձանագրած էր։
Ան արդէն իսկ մասնակցած է բազմաթիւ համերգներու, փառատօններու եւ մրցոյթներու՝ եւրոպական տարբեր երկիրներէ ներս:
Մոնքի մրցանքը տեղի ունեցաւ Ուաշինկթընի «Քեննետի» կեդրոնին մէջ, մասնակցութեամբ նորեկ եւ ապագայի աստղերու եւ ներկայութեամբ ճազ երաժշտութեան մարզէն ներս ծանօթ դէմքերու, որոնց կարգին Ռան Քարթըր, Հըրպի Հէնքոք, Ուէյն Շորթըր, Ճան Փաթիթուչի եւայլն։
Աւարտական հանգրուանի հասած երեք մասնակցողներէն Տիգրան Համասեան եղաւ անգերազանցելի։
Համասեան երեք տարեկանէն իսկ կը նուագէր։ 1998ին Երեւանի մէջ մրցանքի մը մասնակցելով, ան առաջին կը հանդիսանայ։ Երկրորդ մրցանքին, տարի մը ետք, Համասեան կը նուագէ ներկայութեամբ Չիք Քորիայի եւ Աւիշայ Քոհէնի։ 2001ին, ան Ֆրանսայի մէջ կը մասնակցի քանի մը ելոյթներու, ծանօթանալով հանրածանօթ երաժիշտներու։
Մինչ այդ, ան կրցած էր հայկական տոհմիկ երաժշտութեան գործածութիւնը կատարել ճազ երաժշտութեան կշռոյթով։
Համասեանի վերջին խտասալիկը լոյս տեսած է Մարտ 2006ին, Լոս Անճելըսի մէջ, մասնակցութեամբ Պէն Ուենտըլի, Ֆրանսուա Մութէնի, Արի Հէօնիկի եւ Ռուբէն Հայրապետեանի։