ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».- «Թրքական «շանթաժը» բաւական արդիւնաւէտ է եւրոպական երկրների համար, նոյնիսկ այնքան հզօր երկրի՝ ինչպիսին Ֆրանսիան է», Հոկտեմբեր 10ին լրագրողներուն հետ հանդիպման ժամանակ յայտնեց ԱԺ փոխնախագահ, Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի անդամ Վահան Յովհաննիսեան՝ անդրադառնալով Ֆրանսայի խորհրդարանի օրակարգին գտնուող Հայոց Ցեղասպանութեան մերժումը պատժող օրինագիծի նկատմամբ Թուրքիոյ կեցուածքին:
Ըստ Վահան Յովհաննիսեանի՝ Թուրքիան կը փորձէ իրականացնել այն նոյն քաղաքականութիւնը, զոր գործադրած էր 19րդ դարուն, 20րդ դարասկիզբին, այսինքն՝ կը շեշտէ եւրոպական երկիրներուն համար աւելի շատ իր, քան հայերու անհրաժեշտ ըլլալը։
Խօսելով Ֆրանսայի ներքին գործոց նախարար Սարքոզիի կողմէ Թուրքիոյ առաջադրուած երեք պայմաններուն մասին, ԱԺ փոխնախագահը յայտնեց, որ անոնք «Մի կողմից բաւական կոշտ են, միւս կողմից՝ Թուրքիային իսկապէս ելքի ճանապարհ են ցոյց տալիս», եւ նշեց, որ հաշուի առնելով Սարքոզիի ազդեցութիւնը ֆրանսական հասարակութեան մէջ՝ կարելի չէ ենթադրել, որ այն միայն նախարարի մը կամ մէկ քաղաքական ուժի ներկայացուցիչի տեսակէտ է։ «Կարծում եմ, Սարքոզիի տեսակէտը կիսում է Ֆրանսան, եւ եթէ ֆրանսական հասարակութեան տեսակէտը Սարքոզիի տեսակէտից չշեղուի՝ այս փուլում դա առնուազն այն է, ինչ մեզ պէտք է», ըսաւ Վ. Յովհաննիսեան: