ՄԱԿ, «Ռոյթըրզ».- Չինաստանի իշխանութիւնները Երեքշաբթի, Հոկտեմբր 10ին յայտարարեցին, թէ Հիւսիսային Քորէայի դէմ պատժամիջոցներ պէտք է որդեգրուին հոն տեղի ունեցած հիւլէական փորձարկումին պատճառով, միաժամանակ շետելով, թէ տագնապը կարելի չէ ռազմական միջոցներով լուծել:
Արեւմուտքը եւս խստօրէն դատապարտեց Հիւսիսային Քորէան՝ հիւլէական ռումբի ընդյատակեայ փորձարկում կատարելուն համար:
ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդը կը քննէ իր առնելիք քայլը, որ շատ հաւանաբար առաւել եւս մեկուսացնէ եւ տնտեսական դժուարութիւններու առջեւ դնէ համայնավար պետութիւնը։
Չինաստան կոչ ըրած էր Փիոնկեանկի, որ հիւլէական ռումբի փորձարկումը չկատարէ:
Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճորճ Պուշ փորձարկումը նկատեց հարցեր յարուցող արարք, որ կը սպառնայ աշխարհի խաղաղութեան եւ ապահովութեան, ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդին կոչ ուղղելով անմիջապէս հակադարձելու։
Պուշ ըսաւ, թէ Հիւսիսային Քորէա անցեալին գերարդիական հրթիռներու արհեստագիտութիւն փոխանցած է Իրանի եւ Սուրիոյ, եւ Փիոնկեանկը զգուշացուց հիւլէական զէնքերու արհեստագիտութիւնը տարածելէ։
«Հիւսիսային Քորէայի կողմէ հիւլէական զէնքերու կամ նիւթերու փոխանցումը պետութիւններու կամ խմբաւորումներու, պիտի նկատուի Միացեալ Նահանգներու ուղղուած ծանր սպառնալիք, եւ մենք Հիւսիսային Քորէան պիտի նկատենք հաշուետու», ըսաւ Պուշ։
Պուշ նաեւ ըսաւ, թէ հեռաձայնային հաղորդակցութեան մէջ մտած է Չինաստանի, Հարաւային Քորէայի, Ճափոնի եւ Ռուսիոյ ղեկավարներուն հետ, եւ թէ բոլորն ալ համաձայն են, որ փորձարկումները անընդունելի են։
Բրիտանիա եւ Ֆրանսա յայտարարեցին, թէ պիտի զօրակցին պատժամիջոցներ ճշդող բանաձեւի մը։
Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին իր կարգին դատապարտեց փորձարկումը։
Հարաւային Քորէայի «Եոնհափ» լրատու գործակալութիւնը, իր տեղեկութիւնները քաղելով ապահովական աղբիւրներէ, հաղորդեց, թէ Հիւսիսային Քորէա հիւլէական ռումբի փորձարկումը տեղի ունեցած է Քիլճու քաղաքին մօտ։ Երկրաշարժներ եւ այլ ցնցումներ արձանագրող սարքերու համաձայն, նշեալ վայրին մէջ 3.58 ռիխթըր ուժգնութեամբ «արուեստական երկրաշարժ» մը տեղի ունեցած է։ Ցնցումին ուժգնութենէն դատելով, մասնագէտներ ըսին, թէ պայթումը համազօր է կէսէն մէկ քիլոթոն «Թի.Էն.Թի.»ի պայթումի։
Հիւսիսային Քորէա փորձարկումէն անմիջապէս ետք յայտարարեց, թէ յաջող փորձարկում կատարած է եւ թէ պայթումի վայրէն թունաւոր նիւթերու տարածման ոչ մէկ վտանգ կայ։ «Ասիկա պատմական դէպք մըն է եւ մեծապէս կը խրախուսէ եւ գոհունակութիւն կը պատճառէ Քորէայի ժողովրդային բանակին եւ անոնց, որոնք ուզած են ունենալ պաշտպանութեան հզօր հնարաւորութիւններ», աւելցուց պետական լրատու գործակալութիւնը։