
Գառնիկ Գույումճեան ծնած էր Դամասկոս, Սուրիա, 15 Մարտ 1938ին: Ան 4րդն էր Գասպար եւ Գայիանէ Գույումճեաններու 6 զաւակներուն՝ Գէորգ, Կարապետ, Լուսին, Գառնիկ, Յովսէփ եւ Յակոբ:
Համեստ պայմաններու մէջ հասակ նետած էր ան. մանկութիւնը անցուցած էր Դամասկոսի մէջ, յաճախելով տեղւոյն բողոքական վարժարանը:
13 տարեկանին, ան սկսած էր սորվիլ ոսկերչութեան արհեստը, եւ երկար ժամեր աշխատած էր Ճէք Մուսա անունով իր առաջին վարպետին քով, որ ծագումով հրեայ էր: Մուսա պատանի Գառնիկին սորվեցուցած է արհեստը, զոր ան իւրացուցած եւ կատարելագործած էր: Աշխատասէր էր ան. կ՛աշխատէր երկար ժամեր վարպետին արհեստանոցին մէջ, ուր գիշերները միայն քանի մը ժամ կը քնանար:
Գառնիկը մանուկ տարիքին կ՛անցնի ՀՄԸՄի շարքերը, կը դառնայ սկաուտ, ապա՝ մարզիկ: Ան կը շահի առաջնութիւնը Դամասկոս-Տամուր (Լիբանանի արուարձաններէն) ՀՄԸՄի հեծելարշաւի մրցումին:
Կը դառնայ մարտական, մարզող եւ բեղուն անդամ ՀՅ Դաշնակցութեան: 1961ին՝ Սուրիոյ կառավարութեան հակադաշնակցական հալածանքի ժամանակաշրջանին, իր ընկերներէն ոմանք կը բանտարկուին: Գառնիկը ամէն օր կ՛օգնէ իր ընկերներուն, որոնք իրենց գաղափարին համար նետուած էին Դամասկոսի բանտերուն մէջ:
Ան կը շարունակէ իր ազգային գործը, նոյն ժամանակ հաստատելով իր սեփական ոսկերչանոցը իր երկու եղբայրներուն՝ Յովսէփին եւ Յակոբին հետ: Աւելի ուշ, անոնք կը փոխադրուին Պէյրութ, ուր կը դառնան անուանի «Գույումճեան Եղբարք» ոսկերիչ -վաճառականները:
Մեծ վճռականութեամբ ան կը նետուի համաշխարհային գործի ասպարէզին մէջ, սկսած Դամասկոսէն, ապա՝ Պէյրութ, Քուէյթ, Իտալիա եւ աւելի ուշ՝Սէուտական Արաբիա:
1963ին՝ 25 տարեկանին, իր գործի ծաւալը կը լայնցնէ եւ կը բանայ իր առաջին retail showroom-ը Սէուտական Արաբիոյ Ռիատ քաղաքին մէջ, Elegance Jewelry անունով: Այս մէկը իր տեսակին մէջ եւ բարձրորակ իր մակարդակով կը դառնայ առաջին ցուցադրասրահը (showroom): Այնուհետեւ ան կը դառնայ Սէուտական Արաբիոյ թագաւորական ընտանիքին եւ իշխան-իշխանուհիներուն ոսկերիչը:
Գառնիկը յատուկ անձնական եւ վստահելի բարեկամութիւն կը վայելէր Ալ Սաուտ թագաւորական ընտանիքին մօտ:
15 երկար տարիներ անխոնջ կերպով կ՛աշխատի եւ Փետրուար 1977ին կ՛երթայ Հալէպ՝ փնտռելու ապագայ իր կինը: Հոն բախտը կ՛ունենայ հանդիպելու Սեզա Գրտանեանին, եւ հինգ ամիսներ ետք անոնք կ՛ամուսնանան Դամասկոսի մէջ ու կը հաստատուին Ռիատ, 3 ամիս աշխարհի շուրջ 16 քաղաքներ ճամբորդելէ ետք:
1978ին կը ծնի անոնց անդրանիկ որդին՝ Շանթը: Անսահման էր Գառնիկի ուրախութիւնը: Գառնիկը, որուն համար մինչ այդ կեանքը եղած էր հաճոյք եւ գործ, ամբողջովին կը նուիրուի իր ընտանիքին եւ իր զաւակին:
1980ին, անոնք վերջնականապէս կը փոխադրուին Միացեալ Նահանգներու Լոս Անճելըս քաղաքը: Քանի մը ամիսներ ետք կը բախտաւորուին իրենց երկրորդ մանչով՝ Վարանդով: Գառնիկը հպարտ եւ անսահման ուրախ էր:
Նոյն տարին, ան կը բանայ իր սեփական ոսկերչական խանութը Լոս Անճելըսի քաղաքամէջի ոսկերչական շուկային մէջ:
1987ին, ամոլը կը բախտաւորուի 3րդ մանչ զաւակով մը, զոր կ՛անուանեն Հրակ: Գառնիկի ուրախութիւնը բոլորովին անսահման էր: 3 տղայ զաւակներ ունենալուն համար ինքնզինք ամէնէն բախտաւոր անձը կը համարէր:
Այնուհետեւ ան իր կեանքը կը նուիրէ իր երեք զաւակներուն, լաւագոյնը միշտ տալով անոնց՝ կրթութեամբ, ուսումով եւ լաւ հայեցի դաստիարակութեամբ:
Գառնիկը դարձաւ իր զաւակներուն դպրոցական կեանքի լաւագոյն ընկերը՝ ներկայ ըլլալով անոնց պասքէթպոլի բոլոր խաղերուն եւ բոլոր մարզական ու ակադեմական մրցումներուն, քաջալերելով եւ իր մասնակցութիւնը բերելով անոնց կեանքի բոլոր հանգրուաններուն:
Գառնիկը կը շարունակէ աշխատասէր իր ընթացքը եւ 1999ին կը հաստատէ «Գառնիկ Գույումճեան եւ զաւակունք» ադամանդի հաստատութիւնը, որուն միջոցաւ ինք, Շանթը եւ Վարանդը կ՛աշխատին համաշխարհային շուկաներու մէջ: Հազուագիւտ եւ գունաւոր քարերու վաճառքին մէջ, ոչ մէկ ճիգ կը խնայեր իր զաւակներուն արհեստը սորվեցնելու՝ անոնց հետ երկար եւ հեռաւոր տեղեր երթալով, օդանաւով, համաշխարհային ցուցադրութիւններու ներկայ ըլլալով, ինչպէս՝ Sothebyes եւ Christies աճուրդներուն:
10 Մարտի 2013ին, երբ դարձեալ իր զաւակներուն հետ գործով կը ճամբորդէր դէպի Հոնկ Քոնկ, օդանաւի թռիչքին վերջին ժամերուն ան կը հիւանդանայ սիրտի կաթուածով: 12 օրեր Հոնկ Քոնկի մէջ հիւանդանոցը մնալէ ետք կը վերադառնայ Լոս Անճելըս՝ մնալու իր բժիշկներու հոգատարութէան տակ: Այնուհետեւ անոր առողջական վիճակը նոյնը չէր: Անկէ ետք, ան ինն տարիներ ապրեցաւ, վերջին 4 տարիները՝ dialysis-ի վրայ: Անոր կեանքի որակը նուազած էր, բայց տակաւին շատ ուրախ եւ երախտապարտ էր Արարիչին, որ իրեն պարգեւած էր զաւակներուն եւ թոռնիկներուն հետ ըլլալու կարելիութիւնը:
8 Օգոստոսի առաւօտեան, Գառնիկը յաւիտենապէս փակեց իր աչքերը՝ հեռանալով այս աշխարհէն, իր ետին ձգելով իր կողակիցը՝ Սեզան, որ 45 տարիներ ապրած էր իրեն հետ, 3 սիրասուն մանչերը՝ Շանթը, Վարանդը եւ Հրակը, որոնք կորսնցուցին ոչ միայն իրենց հայրը, այլ՝ իրենց կեանքի ընկերը, անսակարկ սիրողը, առաջնորդը, օգնողը, դաստիարակը եւ սիրոյ աղբիւրը:
Չորս թոռնիկները՝ Գառնիկը, Գէյլան, Սեզան եւ Սերոբը յարատեւ կորսնցուցին իրենց մեծ հայրը եւ անոր անսահման սէրը:
Ան ապրեցաւ իր կեանքը իր ընտանիքին եւ զաւակներուն համար: Կեանքի վերջին տարիներուն, թէեւ հիւանդ էր, սակայն ան շարունակեց առաջնորդել իր զաւակները, անոնց հետ ճամբորդելով հեռաւոր վայրեր, որպէսզի անգամ մը եւս օգտակար ըլլայ անոնց:
Սիրելի Գառնիկ, թող Տէր Աստուած ըլլայ գթասիրտ քեզի հանդէպ, թող յիշատակդ մնայ միշտ վառ կնոջդ, զաւակներուդ, թոռներուդ, ազգականներուդ եւ քեզ յարգող բարեկամներուդ սիրտին մէջ:
Հանգուցեալի թաղման արարողութիւնը կատարուեցաւ Երեքշաբթի, 30 Օգոստոսին, Կլենտէյլի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ մէջ, ապա՝ Hollywood Hills Forest Lawn գերեզմանատան մէջ, եւ երբ իր դագաղը հողը կ՛իջեցնէին խումբ մը շարքային ընկերներ երգեցին «Վէրքերով Լի» երգը:
Ցաւակցութեան խօսք.
«Գառնիկը շինուած էր այն կտաւէն, որմէ այլեւս չեն շիներ: Ադամանդի աշխարհը կորսնցուց Legend մը, իսկ մեր աշխարհը կորսնցուց լաւ մարդ մը:
Հողը թեթեւ գայ վրադ սիրելի Գառնիկ»: