ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ

Ատրպէյճանի գլխաւոր հիւպատոսը՝ Նասիմի Աղայեւ, Օգոստոսի վերջաւորութեան մեկնեցաւ Լոս Անճելըսէն՝ դառնալու համար իր երկրին նոր դեսպանը Գերմանիոյ մօտ: Աղայեւ իր ետին խաբէութեան հետքեր թողած է: Կը յուսամ, որ Գերմանիոյ կառավարութիւնը ուշադրութեամբ հետեւի այս կասկածելի ատրպէյճանցի «դիւանագէտ»ին:
Սկսինք ամէնէն վերջին խայտառակութենէն: Անցեալ շաբաթ, «Թուիթըր» եւ «Ֆէյսպուք» ընկերային ցանցերուն վրայ Աղայեւ հպարտութեամբ հրապարակեց վկայական մը, որ կը կրէր Լոս Անճելըս գաւառի հինգ վերահսկիչներէն չորսին ստորագրութիւնները. անոր մէջ երախտագիտութիւն կը յայտնուէր՝ Ատրպէյճանի գլխաւոր հիւպատոսի պաշտօնին իր ծառայութեան համար:
Առաջին ակնարկը այն մասին, թէ սխալ բան մը կար, այն էր, որ վկայականին մէջ չկար Լոս Անճելըս գաւառի հինգերորդ վերահսկիչ Շէյլա Քիւլի անունը: Նման փաստաթուղթեր, սովորաբար, կը ստորագրուին բոլոր հինգ վերահսկիչներուն կողմէ, ինչ որ դիւանագիտական արձանագրութիւն է: Պէտք էր, որ յատուկ պատճառ մը ըլլար վերահսկիչ Քիւլի ստորագրութեան բացակայութեան համար: Երբ Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը (Արեւմտեան շրջան) հարցուց վերահսկիչ Քիւլի աշխատակազմի անդամներուն, թէ ինչո՛ւ անոր ստորագրութիւնը չկար վկայականին վրայ՝ անոնք պատասխանեցին, որ խնդրած են Լոս Անճելըս գաւառի արձանագրութիւններու գրասենեակէն չաւելցնել Քիւլի ստորագրութիւնը: Կը պարզուի, որ մնացեալ չորս վերահսկիչները նոյնպէս թոյլտուութիւն չեն տուած իրենց անունները աւելցնելու վկայականին:
Աղայեւի՝ վկայականը իր «Թուիթըր»ի եւ «Ֆէյսպուք»ի էջերուն վրայ տեղադրելէն կարճ ժամանակ ետք, չորս վերահսկիչները՝ Հոլի Միչըլ, Հիլտա Սոլիս, Քեթրին Պարկըր եւ Ճենիս Հան «Թուիթըր»ի վրայ առանձին գրառումներով Հայ Դատի յանձնախումբը տեղեկացուցին, թէ իրենց ստորագրութիւնները «սխալմամբ աւելցուած են վկայականին՝ առանց իրենց թոյլտուութեան»:
Չորս վերահսկիչները իրենց «Թուիթըր»ին կցած էին Լոս Անճելըս գաւառի վերահսկիչներու արձանագրութիւններու գրասենեակի ղեկավար Լուրտ Սաապի կողմէ՝ ներողութիւն խնդրելու նամակը: Նամակը յղուած է բոլոր չորս վերահսկիչներուն: Ահա՛ հատուած մը՝ վերցուած այս նամակէն. «Լոս Անճելըս գաւառի արձանագրային գրասենեակը սխալմամբ աւելցուցած է վերահսկիչ Քեթրին Պարկըրի ստորագրութիւնը՝ անցեալ շաբաթ Ատրպէյճանի գլխաւոր հիւպատոսին ներկայացուած վկայականին, եւ կը փափաքի հրապարակայնօրէն նշել սխալը»:
Այն բանէն ետք, երբ ես կապ հաստատեցի Լոս Անճելըս գաւառի գրասենեակի գործադիր փոխտնօրէն Պրենտա Տիւրանի հետ՝ անկէ խնդրելով պարզաբանել Ատրպէյճանի գլխաւոր հիւպատոսին սխալմամբ տրուած վկայականին կարգավիճակը, ան գրաւոր պատասխանեց. «Լոս Անճելըս գաւառի արձանագրային գրասենեակը ներողութիւն կը խնդրէ որեւէ շփոթի համար: Վերահսկիչներու ստորագրութիւնները սխալմամբ կիրարկուած են:
Համապատասխանաբար, գրասենեակը կը յայտարարէ, որ չարտօնուած վկայականը անվաւեր է եւ պէտք է հեռացուի ընկերային լրատուական բոլոր միջոցներէն կամ որեւէ այլ հարթակէ: Որովհետեւ Լոս Անճելըս գաւառը կապուած չէ գրասենեակին կողմէ՝ այդ գրասենեակի լիազօրութիւնները գերազանցող չարտօնուած եւ սխալ գործողութիւններուն հետ, ոչ ոք պէտք է հիմնուի այդ վկայականին վրայ՝ իբրեւ Լոս Անճելըս գաւառին կողմէ եղած որեւէ տեսակի յայտարարութիւն»:
Այսուհանդերձ, Ատրպէյճանի գլխաւոր հիւպատոսին սխալմամբ տրուած վկայականը տակաւին տեղադրուած է անոր «Թուիթըր»ի եւ «Ֆէյսպուք»ի էջերուն վրայ՝ այն կեղծ պնդումով, որ իբր թէ ան մեծարուած է Լոս Անճելըսի շրջանի վերահսկիչներուն կողմէ: Այդ վկայականը ոչինչ կը նշանակէ, եւ սխալմամբ տրուած այսպիսի վկայականի մը հրապարակումը անպարկեշտութիւն է: Ամչնալու փոխարէն, Աղայեւ քննադատած է Հայ Դատի յանձնախումբը՝ այս սխալ վկայականը վերահսկիչներու ուշադրութեան յանձնելու համար:
Ոչ ոք պէտք է զարմանայ, որովհետեւ ասիկա առաջին անգամը չէ, երբ Ատրպէյճանի գլխաւոր հիւպատոսը հանդէս կու գայ նման խայտառակ եւ անպարկեշտ պահուածքով: Կան չորս օրինակներ եւս: Անցեալ տարուան Հոկտեմբերին, ես յօդուած մը գրեցի՝ բացայայտելով, որ Ատրպէյճանի գլխաւոր հիւպատոսը հրապարակած է Սեն Տիէկոյի քաղաքապետին կողմէ հրապարակուած եւ հետագային չեղեալ նկատուած հռչակագիր մը: Քաղաքապետը ներողութիւն խնդրեց, յաջորդ օրը չեղեալ յայտարարեց այդ իր հռչակագիրը եւ խոստացաւ հետագային Ատրպէյճանի վերաբերեալ հռչակագիրներ չհրապարակել: Նմանապէս, Պոսթընի քաղաքապետ Մարտին Ուոլշ, Փետրուար 2021ին հրապարակեց եւ աւելի ուշ չեղեալ յայտարարեց այսպէս կոչուած «Խոճալուի օր»ը յիշատակելու մասին հռչակագիրը: Քաղաքապետը երկու շաբաթ ետք չեղեալ յայտարարեց իր հռչակագիրը եւ ներողութիւն խնդրեց հայ համայնքէն:
Նոյն դէպքը կրկնուեցաւ Մէյն նահանգի Փորթլենտ քաղաքին մէջ: Քաղաքապետ Քեթլին Սնայտըր, 17 Փետրուար 2021ին, ի սկզբանէ հռչակագիր մը հրապարակեց ի յիշատակ «Խոճալուի յիշատակի օրուան»: Սակայն, 1 Ապրիլ 2021ին, քաղաքապետը գրեց. «Ես որոշած եմ չեղեալ համարել քաղաքապետին հռչակագիրը… Անգամ մը եւս կը հայցեմ ձեր ներողամտութիւնը՝ սոյն հռչակագիրի հրապարակման իբրեւ հետեւանք պատճառուած ցաւին ու վնասին համար»:
Վերջապէս, 15 Հոկտեմբեր 2021ին, Քալիֆորնիոյ Թորընս քաղաքը հռչակագիր մը հրապարակեց՝ նշելու «Ատրպէյճանի օր»ը: Նոյն օրը, աւելի ուշ, Թորընսի քաղաքապետ Փաթրիք Ֆիւրի ըսաւ, որ քաղաքապետարանը «սխալմամբ հռչակագիր հրապարակած է. անցեալին, քաղաքապետարանը Թորընս քաղաքին մէջ հռչակած էր Ատրպէյճանի ազգային օր՝ հռչակագիրը հրապարակելով նոյն օրը: Նկատի ունենալով յարակից տարածաշրջանին մէջ տեղի ունեցած վերջին իրադարձութիւնները՝ քաղաքապետարանը յարգանքով խնդրած է Լոս Անճելըսի մէջ Ատրպէյճանի գլխաւոր հիւպատոսութենէն՝ ջնջել յայտարարութիւնը լրատուական բոլոր միջոցներէն»:
Սակայն, Սեն Տիէկոյի եւ Թորընսի չեղեալ նկատուած յայտարարութիւնները կը մնան գլխաւոր հիւպատոս Աղայեւի «Ֆէյսպուք»ի էջին վրայ:
Զարմանալի է, որ նման ապաշնորհ եւ անպարկեշտ գլխաւոր հիւպատոսը պաշտօնանկ ընելու փոխարէն, աւելի կը բարձրացնեն՝ զայն նշանակելով Գերմանիոյ դեսպան: Նկատի ունենալով Լոս Անճելըսի մէջ Աղայեւի բազմիցս կրկնուող ոչ-դիւանագիտական պահուածքը՝ նախագահ Ալիեւ աւելի վատ ընտրութիւն չէր կրնար ընել, քան՝ անոր դեսպանի կոչում շնորհելը:
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ՝ «Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ
Արեւելահայերէնի թարգմանեց՝ ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝ ՍԵԴԱ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ